Թրամփ. «Յաջորդ Յարձակումը Շատ Աւելի Վատ Պիտի Ըլլայ. Կը Յուսանք, Որ Իրան Բանակցութեան Սեղան Կը Նստի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ հսկայ «Արմատա» մը արագօրէն դէպի Իրան կ՛ուղղուի` աւելցնելով, որ անիկա Վենեզուելա ուղարկուածէն մեծ է: Ան զգուշացուց, որ նաւատորմիղը պատրաստ է իր առաքելութիւնը կատարելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային ուժ կիրարկելու: «Յուսանք, որ Իրան շուտով բանակցութեան սեղան կու գայ նստելու եւ բանակցելու արդար ու անաչառ համաձայնութիւն մը` առանց հիւլէական զէնքերու: Համաձայնութիւն … Read more

Արաղչի. «Անցնող Օրերուն Ուիթքոֆի Հետ Չհաղորդակցեցայ Եւ Բանակցութիւններ Չխնդրեցի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Անցնող օրերուն ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ չհաղորդակցեցայ եւ բանակցութիւններ չխնդրեցի»: «Իրան կապի մէջ է միջնորդ պետութիւններուն հետ, որոնք խորհրդակցութիւններ կը կատարեն», աւելցուց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ Ամանի իր կարգին յայտնեց. «Ներկայիս Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ չկան, սակայն պատգամներու փոխանակում կայ»` աւելցնելով. «Նոյնիսկ եթէ … Read more

Ռուստամեան. «ԵԽԽՎ-ն Ունի Իր Առաջնահերթութիւնները»

Եթէ Սթրազպուրկի մէջ ընդունուած ԵԽԽՎ-ի «Վեհաժողովի վերահսկողութեան ընթացակարգի յառաջընթացը» խորագիրով բանաձեւը կը նկատուի ընդդիմութեան տապալում, ապա, ուրեմն, պէտք է ընդդիմութեան տապալում նկատել նաեւ այն իրողութիւնը, որ Արեւմուտքը ամբողջութեամբ կը պաշտպանէ այս իշխանութիւնները: Սա, կը կարծեմ, ոեւէ մէկուն համար նորութիւն չէ: Այս մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ԵԽԽՎ-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային … Read more

Ակնարկ. Սպառնալ Եւ Բանակցիլ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ամերիկեան նաւատորմերու տարածաշրջան ժամանումը առաջին հայեացքով պատերազմի նախաշեմին մասին կը խօսի: Յայտարարութիւններու յաջորդականութիւնը սակայն դիւանագիտական լուծումներու ճամբան բաց կը պահէ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը խօսեցաւ Թեհրանի կողմէ Ուաշինկթընին փոխանցուած բազմաթիւ ուղերձներու մասին` ընդգծելով, որ Իրան կ՛առաջարկէ  համաձայնիլ Ուաշինկթընի հետ: Ապա նոյն առաջարկը ինք կատարեց` թելադրելով Իրանին երթալ գործարքի: Գործարքի փակագիծերը չեն բացուած տակաւին, սակայն պարզ է, … Read more

Թրամփ. «Թեհրան Կ՛ուզէ Համաձայնագիր Կնքել»

Իրանի հետ կացութիւնը «փոփոխական է», որովհետեւ «մեծ նաւատորմիղ» մը ուղարկուած է շրջան: «Աքսիոս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ` նշելով, որ Թեհրան կ՛ուզէ համաձայնագիր կնքել: «Մենք Իրանի մօտ մեծ նաւատորմիղ ունինք: Աւելի մեծ, քան Վենեզուելայի պարագային է», ըսած է Թրամփ: Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ … Read more

Կութիերես Կառչած Կը Մնայ Ապահովութեան Խորհուրդի Դերակատարութեան

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես պաշտպանեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դերակատարութիւնը` զայն նկատելով աշխարհի մը մէջ, ուր «անտառի օրէնքը» կը տիրէ, խաղաղութեան առնչուող որոշումներ պարտադրելու «միակ» լիազօր մարմինը: «Ամբողջ աշխարհի վրայ օրէնքի գերակայութիւնը կը փոխարինուի անտառի օրէնքով: Մենք ականատես կը դառնանք միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտումներու եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նկատմամբ ակնյայտ արհամարհանքի», նշեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը: «Կազայէն … Read more

Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանատան Վրայ Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուած Է

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը թիրախաւորող յարձակում մը ձախողութեան մատնուած է, եւ երեք ազրպէյճանցիներ ձերբակալուած են: Նախքան այդ, Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, հաղորդած էր, որ հետաքննութիւններու հիմամբ, ապահովական մարմինները կասկածած են, թէ ազրպէյճանցի երեք քաղաքացիներ Պաքուի մէջ կրօնական ատելութեան դրդապատճառով Պաքուի մէջ օտար դեսպանատան մը վրայ ահաբեկչական … Read more

Պարրաք. «Իրաքի Մէջ Իրանի Կողմէ Նշանակուած Կառավարութիւն Մը Պիտի Չկարենայ Իրաքցիներուն Եւ Սուրիացիներուն Աւելի Լաւ Ապագայի Ձգտումները Իրագործել»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտարարեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի շուրջ «արդիւնաւէտ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ: Պարրաք «Էքս»-ի վրայ երկուշաբթի գիշեր գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Այս գիշեր արդիւնաւէտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ պարոն Մասուտ Պարզանիի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ կացութիւնը, եւ զինադադարը պահպանելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները, … Read more

Պարրօ. «Ֆրանսա Կ՛աջակցի Հայաստանի` Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Ֆրանսա կ՛աջակցի Հայաստանի` Ազրպէյճանի  եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ: Ան նշած է, որ հայ-թրքական սահմանի բացումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանի բարգաւաճման վրայ: «Մենք արծարծեցինք համաշխարհային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր, ներառեալ Սուրիոյ, Կազայի եւ … Read more

Բագրատունի. «Երբ Հիմնահարցեր Կան, Բնական Է, Որ Եկեղեցին Անոնց Մասին Խօսի»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հայրենի «Ալֆա Նիուզ» լրատուական ցանցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը նշեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ վերջին երկու օրերուն արձանագրուած զարգացումները հայերով բնակուած շրջաններէն հեռու են, համայնքը այս հարցին մէջ չէ տուժած, սակայն Լիբանանի ապագային եւ կացութեան առումով հեռանկարային անյստակութիւններ կան, եւ այն, ինչ … Read more