Թրամփ. «Յաջորդ Յարձակումը Շատ Աւելի Վատ Պիտի Ըլլայ. Կը Յուսանք, Որ Իրան Բանակցութեան Սեղան Կը Նստի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ հսկայ «Արմատա» մը արագօրէն դէպի Իրան կ՛ուղղուի` աւելցնելով, որ անիկա Վենեզուելա ուղարկուածէն մեծ է:

Ան զգուշացուց, որ նաւատորմիղը պատրաստ է իր առաքելութիւնը կատարելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային ուժ կիրարկելու:

«Յուսանք, որ Իրան շուտով բանակցութեան սեղան կու գայ նստելու եւ բանակցելու արդար ու անաչառ համաձայնութիւն մը` առանց հիւլէական զէնքերու: Համաձայնութիւն մը, որ լաւ է բոլոր կողմերուն համար», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը, սակայն զգուշացուց. «Ժամանակը կը սպառի, ատիկա իսկապէս կարեւոր է»:

«Ինչպէս Իրանին նախապէս յայտնեցի` «համաձայնութիւն գոյացո՛ւր»: Անոնք չգոյացուցին, եւ տեղի ունեցաւ «Կէսգիշերուան մուրճ» գործողութիւնը` Իրանի մեծ քանդում մը: Յաջորդ յարձակումը աւելի վատ պիտի ըլլայ: Մի՛ ձգէք, որ այդպիսի բան անգամ մը եւս տեղի ունենայ», յայտնեց Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը երեքշաբթի օր եւս յայտարարած էր. «Գեղեցիկ մէկ այլ «Արմատա» մը, որ հիմա գեղեցկօրէն կը նաւարկէ դէպի Իրան»` աւելցնելով. «Յուսամ համաձայնութիւն մը կը գոյացնեն»:

 

Leave a Comment