Պարրաք. «Իրաքի Մէջ Իրանի Կողմէ Նշանակուած Կառավարութիւն Մը Պիտի Չկարենայ Իրաքցիներուն Եւ Սուրիացիներուն Աւելի Լաւ Ապագայի Ձգտումները Իրագործել»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտարարեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի շուրջ «արդիւնաւէտ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ:

Պարրաք «Էքս»-ի վրայ երկուշաբթի գիշեր գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Այս գիշեր արդիւնաւէտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ պարոն Մասուտ Պարզանիի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ կացութիւնը, եւ զինադադարը պահպանելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները, մասնաւորաբար Քոպանիի մէջ կարիքաւորներուն հասնիլը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը»:

«Ինչ կը վերաբերի Իրաքին, ապա Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը յստակ է` Իրանի կողմէ նշանակուած կառավարութիւնը ո՛չ պիտի յաջողի իրաքցիներուն եւ սուրիացիներուն աւելի լաւ ապագայի ձգտումները իրագործել, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգներու հետ ազդու գործընկերութիւն հաստատել», աւելցուց Պարրաք:

Նշենք, որ Իրաքի խորհրդարանը որոշեց յետաձգել երէկ երեկոյեան նախատեսուած հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստը:

 

Leave a Comment