Ուրբաթ, 9 յունուար 2026-ին յայտարարուեցաւ Մեթնի թաղապետներու լիկայի համաձայնական կազմը:
Համաձայնութիւնը գոյացաւ Մեթնի մէջ գործող տարբեր քաղաքական ուժերու միջեւ` ՀՅԴ, Լիբանանեան ուժեր, Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխան Միշել Մըր: Լիկայի նախագահութիւնը առաջին երեք տարիներու համար ստանձնեց Տըքուենիի թաղապետ Ամին Մորիս Խուրին, իսկ երկրորդ երեք տարիներուն համար` Մրուժի թաղապետ Ռիշար Անթուան Խարրաթը:
Լիկայի հաշուապահ նշանակուեցաւ Պուրճ Համուտի թաղապետ Ժան Մոմճեան: