Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնած է Պաքուի մէջ պահուող չորս գերիներու` Հայաստան վերադարձի մասին:

Անոր համաձայն, Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Իւլճեքեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Հակարի կամուրջին վրայ Ազրպէյճանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուած են Հայաստանին եւ հիմա կը գտնուին հանրապետութեան տարածքին մէջ:

Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը եւ Վիգէն Իւլճեքեանը, վարչապետին հաղորդումով, նախնական քննութեամբ առողջական խնդիրներ չունին: 70-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի առողջական վիճակը նախնական կը գնահատուի բաւարար: Խաչատրեանը անցնող տարուան 22 դեկտեմբերի գիշերը ազրպէյճանական բանտէն հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունք տեղափոխուած էր ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, սրտի բարդացած խնդիրներով:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ գործընթացը իրականացուած է իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան գործնական արդիւնք:

Սուջեանը եւ Դաւթեանը գերեվարուած են 11 նոյեմբեր 2020-ին, հրադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք` Շուշի ուղեւորուելու ընթացքին: Պաքուն զանոնք մեղադրած է քրէական օրէնսգիրքի շարք մը յօդուածներով, որոնց շարքին` լրտեսութիւն:

Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեան ազրպէյճանցիներուն կողմէ գերեվարուած էր 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք` 10 նոյեմբեր 2020-ին, Շուշի ուղեւորուելու ճանապարհին: Ազրպէյճան զայն իբրեւ ահաբեկիչ կը ներկայացնէր:

Վագիֆ Խաչատրեանին Ազրպէյճանի ուժայինները 2023-ի յուլիսի վերջին առեւանգած էին Հակարիի իրենց անցակէտէն. ան Կարմիր խաչի ուղեկցութեամբ ու մեքենայով Երեւան կու գար բժիշկներու ցուցմունքով` սրտի հրատապ վիրահատութեան, Պաքուն նոյն օրը յայտարարեց, թէ զայն վաղուց կը փնտռեն իբրեւ Մեշալի գիւղին մէջ «ցեղասպանութիւն կատարող»:

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Հայաստանի դէմ մասնակցած երկու սուրիացի վարձկաններ երէկ Թուրքիոյ միջոցով փոխանցուած են Սուրիոյ, կը յայտնէ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը:

Եուսեֆ Ալաապեթ Հաճիի եւ Մուհհռապ Մոհամետ Շխերիի նկատմամբ կայացուած դատավճիռներու հետագայ կատարումը պիտի շարունակուի Սուրիոյ մէջ:

«Փոխանցումը իրականացուած է համապատասխան իրաւասու մարմիններու միջեւ համագործակցութեան եւ կիրարկուող իրաւական մեքանիզմներու ներքեւ», նշած է նախարարութիւնը:

Leave a Comment