ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջանակներուն մէջ երէկ հանդիպում տեղի ունեցած է Հայ ազգային քոնկրեսի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Կարծիքներ փոխանակուած են Հայաստանի առջեւ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու ուղիներուն մասին:
Զրոյցի ընթացքին, մասնաւորապէս, քննարկուած են Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ իշխանութիւններու հակասահմանադրական յարձակումներուն հակազդելու, քաղաքական բանտարկեալներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընտրութիւններու ընթացքին օրինականութեան ապահովման հետ կապուած հարցեր: