Շնորհահանդէս

Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Կիպրոսի Նախագահական Պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան նոր Յուշամատեանի Շնորհահանդէսը, ստուար թիւով հրաւիրեալներու ներկայութեան, որոնց կարգին՝ Մելգոնեանի 100 Ամեակին համար արտասահմանէն ժամանած Մելգոնեանցիներ։ Հաստատութեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին Կրթութեան, Մարմնակրթանքի եւ Երիտասարդութեան Նախարար Դոկտ․Աթինա Միխաիլիտու, Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կրօնական Փոքրամասնութիւներու Համակարգիչ … Read more

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգայինի Քեսապի «Կիլիկիա» Երգչախումբը Ընտիր Երգերու Փունջ Մը Հրամցուց Քեսապահայութեան Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ  Մակար  արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 3 յունիսին «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբին ելոյթը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիլի Գազազեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն գեղեցիկ պահը պարզապէս երաժշտական հանդիպում մը չէ, … Read more

Դպրեվանքը Մասնակցեցաւ Թեսաղոնիկէի Մէջ Կայացած Երկօրեայ Համագումարին

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­րի­տո­տէլ ­Հա­մալ­սա­րա­նի Աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան հիմ­նար­կին, 15-16 ­Մա­յիս 2026-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կօ­րեայ հա­մա­գու­մար մը՝ նո­ւի­րո­ւած էր ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն։ ­Սոյն հա­մա­գու­մա­րին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար հրա­ւի­րո­ւած էր ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպ­րե­վան­քը։ ՆՍՕՏՏ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թեամբ ու տնօ­րի­նու­մով, Դպ­րե­վան­քի ­Տե­սուչ ­Գե­րա­պա­տիւ Տ. ­Պա­րոյր Ծ. Վրդ. ­Շէր­նէ­զեան մաս­նակ­ցե­ցաւ հա­մա­գու­մա­րին։ ­Հայր … Read more

Մասնակցութիւն Պոնտացիներու Ցեղասպանութեան Ոգեկոչումին

Պոն­տա­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով ի­րա­գոր­ծո­ւած ո­գե­կո­չա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լով յոյ­նե­րուն հան­դէպ կա­տա­րուած մեծ ո­ճի­րի դա­տա­պարտ­ման ե­լոյթ­նե­րուն եւ միա­ժա­մա­նակ բարձ­րաց­նե­լով ար­դա­րու­թեան ձայ­նը քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բնաջնջ­ման դէմ՝ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Եր­կու­շաբ­թի, 18 ­Մա­յիս 2026-ին, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ծե­րա­կոյ­տի ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թիւ­նը կազ­մա­պեր­պեց յի­շա­տա­կի ե­լոյթ, … Read more

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարին Այցելութիւնը Թեսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի

Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, Եաննիտ Լովէրտոս, Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը, այցելեց Թեսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Բարձրաստիճան հիւրը ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ հայր սուրբին, թաղական խորհուրդի ատենապետին եւ անդամներուն կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին ան նախ մուտք գործեց եկեղեցի, ուր մոմ վառելով իր աղօթքը բարձրացուց։ Այնուհետեւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան եկեղեցւոյ պատմութեան, առաքելութեան եւ տեղւոյն հայ համայնքի գործունէութեան … Read more

Նախագահ Ք. Թասուլաս Այցելեց Տիտիմոթիքոյի Հայկական Եկեղեցին

Թ­րա­կիա կա­տա­րած շրջապ­տոյ­տին ծի­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Քոնս­թան­տի­նոս ­Թա­սու­լաս այ­ցե­լեց ­Տի­տի­մո­թի­քօ քա­ղա­քը եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մայր կա­ռոյ­ցին հետ կցու­մի 106-րդ ­տա­րե­դար­ձի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան։ Իր ներ­կա­յու­թեան ա­ռի­թով, նա­խա­գա­հը այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րեց նաեւ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի պատ­մա­կան հայ­կա­կան Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցին եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ հնա­մեայ կո­թո­ղի պատ­մու­թեան ու շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին յոյն նա­խա­գա­հը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ … Read more

Զեռնարկ նուիրուած, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով»ին

15 մայիս 2026-ին ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ ակումբէն ներս, նուիրուած, անցեալ Ապրիլին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով»ին։ Այս առթիւ, յատուկ հրաւէրով Կիպրոս կը գտնուէր, Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ՝ Աշոտ Դանիէլեանը։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոսը, Հայ Համայնքի Պետ. Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, Տէր Մաշտոց քահանայ Աշգարեանը, Արցախի ՀՅԴ … Read more

«Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Յիսնամեայ Երթը «Բարերար» Գաղութի Վերելքին Լաւագոյն Ցուցանիշն Է». Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան

Կիրակի, Մայիս 3ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հանդիսապետութեամբ իրագործուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած «Կալա-ճաշկերոյթ»ը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, հովանաւորութեամբ եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերար ընտանիքի որդւոյն՝ Արա եւ դստեր՝ Մարլէն Տէր Մինասեաններու, կազմակերպութեամբ յիսնամեակի յանձնախումբին, որուն ատենապետն է Ազգային բարերար Կարօ Էշկիեան: Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Արեւմտեան թեմի նախկին … Read more

Բացառիկ Համերգ Թեսաղոնիկէի Մէջ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հա­մերգ մը ա­ւել­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չում­նե­րու շար­քին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ լսո­ւած հայ­կա­կան հնչիւն­նե­րուն տակ, ­Հինգ­շաբ­թի, 30 Ապ­րիլ 2026-ի ե­րե­կո­յեան։ ­Քա­ղա­քի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ ներ­կայ ե­ղող յոյն եւ հայ հան­դի­սա­տես­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան վա­յե­լե­լու բարձ­րո­րակ ներ­կա­յա­ցում մը, ուր մէկ կող­մէն հայ­րե­նի տա­ղան­դա­ւոր դաշ­նա­կա­հար ­Հայկ ­Մե­լի­քեան ծա­ւա­լեց իր բարձր տա­ղան­դը, իսկ միւս կող­մէն յու­նա­հայ ար­ժէ­քա­ւոր մե­ներգ­չու­հի ­Սի­րան ­Չա­լը­քեան … Read more

Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կ՛ոգեկոչէ Մխիթար Սեբաստացիի Մահուան 277-Ամեակը Սուրբ Ղազարի Մէջ

Կիրակի, 26 ապրիլին Մխիթարեան միաբանութիւնը նշեց հիմնադիրին` Մխիթար Աբբահօր մահուան 277-ամեակը, ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղազարի պատմական գրադարանի դահլիճէն ներս, յաւարտ ս. պատարագի: Ոգեկոչումը կը կատարուի Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի յոբելենական տարուան ծիրին մէջ: Իր բացման խօսքին մէջ Լեւոն արք. Զէքիեան մէջբերեց Հայաստանի յայտնի լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանի (1920-2005) գնահատականը միաբանութեան հիմնադիրին մասին. «Ինչքան հեռանում … Read more