«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Առկայ Նիստ Երեւանի Մէջ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի առկայ նիստ գումարուեցաւ Երեւանի մէջ, Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2026-ին։ Առցանց դրութեամբ նիստին մասնակցեցան Երեւանէն դուրս գտնուող Հարթակի մնացեալ անդամները։

Նիստը քննարկեց Իրանի եւ Լիբանանի վերաբերող պատերազմական իրավիճակներն ու տեղւոյն հայ համայնքերուն հետ կապուած երեւոյթները։

Քննարկումներուն առանցքներն էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական յայտարարութիւնները՝ պատերազմի աւարտի հաւանականութեան մասին, անոնց իրատեսականութիւնը, միջնորդական փորձերը եւ այս բոլորին լոյսին տակ բանակցութեան մեկնարկի պարագային, իւրաքանչիւր կողմի մօտեցումներն ու փոխզիջումնային ուղղութիւնները։ Զեկուցումներու կարգով փոխանցուեցաւ, որ իրանահայ համայնքը ունի մէկ զոհ. արձանագրուած են բնակարանային վնասներ, ինչպէս նաեւ միութենական կառոյցներ կրած են նիւթական վնասներ։ Համայնքը, իր պատասխանատու մարմիններով եւ թեմական կառոյցներով, մնայուն կապի մէջ է ժողովուրդին հետ։

Լիբանանի պարագային հաստատուեցաւ, որ Իսրայէլ կը շարունակէ իր յարձակումները. մտադրած է հարաւի մէջ ստեղծել անկայուն դրութեան գօտի։ Կայ ներքին լարուածութիւն՝ քաղաքական հակոտնեայ դիրքորոշումներու պատճառով. հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համահայկական եւ լիբանանեան կառոյցներու ներկայացուցիչները, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարած են խորհրդակցական նիստ եւ քննած պատերազմին հանգամանքները։ Յստակ շեշտուած է ներքին լարուածութիւններէ հեռու մնալու հրամայականը։

Վեհափառ Հայրապետը տեսակցած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունի հետ եւ անոր փոխանցած է հայ համայնքին դիրքորոշումները։

«Կիլիկիա Վելրուծական Հարթակ»ի անդամները ընդգծեցին առկայ նիստեր գումարելու անհրաժեշտութիւնը, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, յատկապէս պատերազմական այս իրավիճակներու հետեւանքներու քննարկման մտադրութիւններով։

 

Leave a Comment