Ծաղկազարդի Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մէջ

Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ` Ծաղկազարդը, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` ներկայութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու, մանուկներու եւ պատանիներու, կիրակի, 29 մարտ 2026-ին:

Այս տարի, դժբախտաբար, կարելի չեղաւ կազմակերպել մանուկներու հսկայ թափօրը` կլիմային աննպաստ ըլլալուն պատճառով:

Ուստի, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցման ընթացքին, պատարագիչ սրբազան հայրը` Շահան արք. Սարգիսեան (կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ), հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ ընկալեալ աւանդութեան համաձայն, այս օրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ հռչակուած է «Տէրունական»` Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքով. այս տօնը նաեւ նուիրուած է մեր մանուկներուն, որոնք Տէրը դիմաւորելու եւ Տիրոջ ներկայութիւնը ուրախութեան ու ցնծութեան պահուան վերածելու պատկերը կ՛առնեն Աւետարանէն: Սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները, որ սուրբ պատարագի մատուցման ընթացքին մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի ըլլալով` աղօթեն, որ իսկապէս օրհնեալ ըլլայ Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի գայ եւ փրկէ մեզ պատերազմի կացութենէն: Շահան արքեպիսկոպոս իր խօսքը եզրափակեց` աղօթելով. «Տիրոջ շնորհքը եւ ողորմութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ»:

Աւանդութեան համաձայն, վեհափառ հայրապետը մանուկներն ու անոնց ծնողները ընդունեց վեհարանին մէջ, տուաւ իր հայրապետական օրհնութիւնը եւ իւրաքանչիւր փոքրիկի նուիրեց Ծաղկազարդի տօնին առիթով պատրաստուած նուէր:

Նշենք, որ վեհարանին զարդարանքը մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի կամաւորներուն աշխատանքի արդիւնքն էր:

 

Leave a Comment