Ազգային Առաջնորդարան. Լիբանանի Գաղթականներուն Զօրակցական Այցելութիւն Եւ Մարդասիրական Օժանդակութիւն

Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին պատճառով տեղահանուած գաղթականներուն զօրակցելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով, հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, Ազգային առաջնորդարանէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտի Նապաայի շրջանին մէջ գտնուող Ֆարհաթ մզկիթ, ուր ապաստանած են հարիւրաւոր գաղթականներ: Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ մզկիթի ներկայացուցիչ շէյխ Զայտ Ֆարհաթի եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողմէ:

Առաջնորդարանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականաց դասէն երկու քահանայ հայրեր` Յակոբ ա. քհնյ. Պզտիկեան եւ Խորէն քհնյ. Մելքոնեան եւ Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան:

Այս առիթով տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ազգային առաջնորդարանի պատուիրակութեան եւ շրջանի պատասխանատուներուն միջեւ: Հաւաքին քննարկուեցան գաղթականներուն ընկերային-առողջապահական դժուարութիւնները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Յայտնենք, որ առաջնորդարանի պատուիրակութիւնը գաղթականներուն փոխանցեց ուտեստեղէն եւ անկողինի սպունգներ:

Leave a Comment