Ի՞Նչ Ընել Առօրեայ Մեր Գործընթացէն Արտադրուած Աւելցուքը

Մենք զանոնք «աղբ» կը կոչենք, կ՛ուզենք ձերբազատիլ անոնցմէ եւ կ՛որոշենք անոնց ճակատագիրը` կուտակել մեր քաղաքին բանուկ փողոցներուն անկիւնը, ինչ որ կ՛աղտոտէ եւ կ՛ապականէ մեր բնակած թաղերն ու մեր քաղաքը` մեծ վնաս հասցնելով մեր առողջութեան: Անդին` լիբանանեան այլ շրջաններու եւ քաղաքներու մէջ, քաղաքապետութիւններու հետ գործակցութեամբ, տնեցին եւ գործատէրը կը զատեն աղբերը իրենց տուներէն եւ հաստատութիւններէն ներս, … Read more

Դեռ Չսորվեցա՞նք – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Մ.ԿԵՍԱՐԵԱՆ Տաւուշը յանուն հայրենիքի շարժում Տարօրինակ մարդիկ են հայերը: Ինչքան նոյնանման փորձանք ալ գայ իրենց գլխուն, այնքան կը պնդեն իրենց բազում անգամներ կրկնած ու կրկնած սխալին վրայ: Հիմա ալ նախկին ու ինքզինք կրկին պարտադրել փորձող, յաւիտենականութեան ուղղութեամբ սլացող վարչապետին տարօրինակ գիւտերուն դէմ ճակատելու ձեռնարկած ենք, թերեւս մտածելով, որ անոր անպարկեշտ ծրագիրները մեր ձեւով (փոխ առնելով … Read more

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Նահատակութեան 111-Ամեայ Յոբելեանը

ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆՊատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու ՊատրիարքականԿղերի Միաբանութեան եւ Զմմառու Մայրավանքի Մեծաւոր 1 յունիս 1907-ին Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանէն Իգնատիոս վրդ. Մալոյեան, իր աշխատասենեակին մէջ նստած, նամակ կը խմբագրէր` ուղղուած Զմմառու իր սիրելի մեծաւորին` Անդրէաս ծ. վրդ. Աղեքսանդրեանին: Արդեօք այդ պահուն երիտասարդ վարդապետը կը մտածէ՞ր, որ այս նամակէն ուղիղ ութ տարիներ ետք, ճիշդ միեւնոյն … Read more

Քուէարկութիւնը Աւարտեցաւ, Ընտրութիւնը Սպասողական Վիճակի Մէջ Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները աւարտեցան կիրակի, 7 յունիսի ժամը 20:00-ին (մեր ժամով` երեկոյեան ժամը 7:00-ին): Կէս գիշերէն ետք, առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Երբ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը (ԿԸՅ) ստացած էր արդիւնքներուն հազիւ 30 առ հարիւրը միայն, Նիկոլ Փաշինեան մամլոյ ասուլիս հրաւիրեց յայտարարելու համար, որ իր Քաղաքացիական պայմանագիր (ՔՊ) կուսակցութիւնը յաղթած է եւ պիտի կարողանայ ինքնուրոյն … Read more

Ինչո՞ւ Կեանքի Հմտութիւններն Ու Գործարար Մտածողութիւնը Այսօր Առաւել Կարեւոր Են Հայ Դեռահասներուն Համար

ՅԱԿՈԲ ԷՄՐԱԶԵԱՆ Այսօրուան արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ միայն ակադեմական յաջողութիւնը այլեւս բաւարար չէ երիտասարդները ապագային պատրաստելու համար: Հայ դեռահասները այսօր կ՛ապրին միջավայրի մը մէջ, ուր յաջողութիւնը կախեալ է ոչ միայն իրենց գիտելիքներէն, այլ նաեւ` մտածելակերպէն, հաղորդակցական հմտութիւններէն, առաջնորդելու կարողութենէն եւ փոփոխութիւններուն յարմարելու ճկունութենէն: Տարիներ շարունակ կրթութիւնը հիմնականօրէն կը դիտուէր որպէս լաւ գնահատականներ ստանալու, համալսարան աւարտելու … Read more

Ուխտաւորներու Սաղմոսներուն Պատգամը Այսօր – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Հին ուխտի ժողովուրդը երբ Երուսաղէմ ուխտի երթար, 120-134 սաղմոսները կ՛երգէր ճանապարհորդութեան ընթացքին: Այս տասնհինգ սաղմոսները «Ուխտաւորներու երգ» կը կոչուին: Սաղմոս 121-ը նաեւ որպէս «Ճամբորդներու սաղմոս» կը բնորոշուի: «Սաղմոսներ»-ը Հին կտակարանի գիրքերէն մին է եւ հինգ ենթագիրքերու կը բաժնուի. Ա. Սղ. 1-41, Բ. Սղ. 42-72, Գ. Սղ. 73-89), Դ. Սղ. 90-106 եւ Ե. … Read more

Մէկ Բարձի Վրայ Ծերանաք – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ Մեր պապերէն մնացած` «Մէկ բարձի վրայ ծերանաք» մաղթանքը պարզ խօսք մը չէ, անիկա ամբողջ կեանքի փիլիսոփայութիւն մըն է: Այս խօսքերուն մէջ ամփոփուած են` սէրը, համբերութիւնը, նուիրումը եւ երկու հոգիներու երկար ճամբան միասին անցընելու երազը: Անցեալին, երբ մեծերը այս մաղթանքը կ՛ուղղէին նորապսակներուն, անոնք միայն երկար կեանք չէին մաղթեր: Անոնք կ՛աղօթէին, որ ամուսինները միասին … Read more

Յարութիւն Քիւրքճեան, Կամ` Վարժեցում Ազատութեան (Սփիւռքեան Մտածողութիւն Մը)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ. Ինքնութիւն… 2. Գ.- Յ. Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» գրափորձը ի՞նչ կ’ըսէ: Կը մեկնի նշելով Վարդգէս Պետրոսեանի «Հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» խորհրդածութեան իր ընթերցումը Փարիզի մէջ, Անն տը Պրըթանէի արձանին տակ, եւ այն «բնանկարին գրկին», ուր անցեալի սերունդ մը փորձած էր իր կացութիւնը մտածել (Շահան Շահնուրի սերունդը), սակայն խեղդուած էր իր «աւանդութիւն» … Read more

Հրաչեայ Աճառեան` Լեզուի Հայրենապահ Մարտիկը. Ծննդեան 150-Ամեակին Առիթով

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու գոյատեւումը միայն սուրով ու արիւնով չէ պահպանուած: Ան պահպանուած է նաեւ` գիրով, լեզուով, բառով եւ յիշողութեամբ: Երբեմն ամբողջ ազգի մը գոյատեւումը կախեալ եղած է մէկ մարդու մոմավառ ճիգէն, ինչպէս` Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը, որ խոնարհ լռութեամբ կրցաւ փրկել այն, ինչ պատերազմներն ու բռնութիւնները կը փորձէին ջնջել: Այդպիսի բացառիկ հոգեմտաւոր պահապաններէն … Read more

Մեզի Ուժ Տուողները – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ Չորեքշաբթի, 27 մայիսին Համազգայինի բարեկամներու, ծնողներու, թատերասէրներու մեծ հոսքին հետ մուտք գործեցինք, ընտանիքս եւ ես, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ`  Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի «Հէյ ջան, ղափամա» երեք արարէ բաղկացած թատերական ներկայացումը դիտելու: Յիշեցնենք, որ նախորդ օրը աշակերտական երկու ելոյթ հրամցուած էր  լիբանանահայ վարժարաններէն 800 աշակերտի: Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբը ունի արդէն իր պանծալի … Read more