Ի՞Նչ Ընել Առօրեայ Մեր Գործընթացէն Արտադրուած Աւելցուքը

Մենք զանոնք «աղբ» կը կոչենք, կ՛ուզենք ձերբազատիլ անոնցմէ եւ կ՛որոշենք անոնց ճակատագիրը` կուտակել մեր քաղաքին բանուկ փողոցներուն անկիւնը, ինչ որ կ՛աղտոտէ եւ կ՛ապականէ մեր բնակած թաղերն ու մեր քաղաքը` մեծ վնաս հասցնելով մեր առողջութեան:

Անդին` լիբանանեան այլ շրջաններու եւ քաղաքներու մէջ, քաղաքապետութիւններու հետ գործակցութեամբ, տնեցին եւ գործատէրը կը զատեն աղբերը իրենց տուներէն եւ հաստատութիւններէն ներս, կը բաժնեն զանոնք տարբեր պարկերու մէջ, որպէսզի վերստին գործածութեան մէջ դնեն` իրենց տեսակին եւ արժէքին համաձայն:

Ասոնց մէկ մասը կը վերածուի պարարտացուցիչի, որ կը նպաստէ տուներուն եւ պարտէզներուն մէջ ցանուած բուսականութեան ծաղկումին` հողը դարձնելով բերրի: Իսկ միւս մասը կը վերամշակուի ու կը ստանայ ուրիշ բնոյթ` տարբեր գործածութեանց համար, այսինքն անոնք կը դառնան հում նիւթ` նոր առարկաներ ստեղծելու: Հետեւաբար անոնց հետ իբրեւ աղբ չեն վարուիր: Այս տեսակի առարկաներուն կեանքը կ՛երկարի, եւ այս ձեւով սատարած կ՛ըլլանք աղբի նուազումին:

Այս աշխատանքը պարզ գործողութիւն մըն է, որ շատ բան չի պահանջեր մեզմէ. ընդամէնը մեր առօրեայ կենցաղային աւելցուքները, ներառեալ` չսպառած ուտելիքները, զատել ու ամփոփել զանոնք տարբեր պարկերու մէջ, որպէսզի անոնք յաւելեալ աշխատանքով արժեւորուին իրենց տրուած երկրորդ կեանքով:

Այս գործընթացը կամ վարժութիւնը մաս կը կազմէ բարեկարգման ծրագիրի մը, զոր «Պատկեր» միութիւնը մշակած է «Live Love Lebanon» կազմակերպութեան աջակցութեամբ եւ գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: Ծրագիրը ուղղուած է ժողովրդային տուներու թաղամասին: Աւելի ուշ, ծրագիրին յաջողութեան պարագային, կարելի է ընդարձակել գօտին եւ ներառել այլ թաղամասեր եւս:

Ասոր վերաբերեալ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենան բնակիչներուն հետ հանդիպումներ` այս ծրագիրը անոնց ներկայացնելու համար, որպէսզի անոնց մասնակցութեամբ մեր միջավայրը դառնայ մաքուր, գրաւիչ եւ ապահով վայր մը:

Այստեղ մեծ դեր ունին կիները, դպրոցական աշակերտները, ինչպէս նաեւ` մեր կազմակերպութիւնները: Անոնք մեծապէս կրնան սատարել այս ծրագիրի յաջողութեան` խթան հանդիսանալով, ժողովուրդը տարբեր խաւերը քաջալերելով եւ աշխատանքի մղելու` ապահովելու համար գործընթացին յաջողութիւնը, որ յօգուտ բոլորին է:

«ՊԱՏԿԵՐ»

Leave a Comment