Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Հայկազեան համալսարանը խոր վիշտով գուժեց անժամանակ մահը համալսարանական մեծ ընտանիքի արժանաւոր անդամ, վաստակաշատ կրթական մշակ եւ գիտնական` դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանին: Դոկտ. Ճէրէճեան շուրջ երեք տասնամեակ իր նուիրեալ ծառայութիւնը բերաւ Հայկազեան համալսարանին` նախ իբրեւ դասախօս, ապա` տեսչութեան օգնական դասախօս: Ան իր ժրաջան գործունէութեան ճամբով գիտութիւն ջամբեց ուսանողներու ամբողջ սերունդներու` առաջնորդութեան, կազմակերպչական վարքագիծի, ռազմավարական կառավարման, մարդկային … Read more