Դպրեվանեան Ոգին. Ճշդապահութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Դպրեվանեան կեանքը ունի իր կանոնաւոր առօրեան եւ կ՛առաջնորդուի յատուկ ժամանակացոյցով: Այլ խօսքով, դպրեվանքի մէջ իւրաքանչիւր օրուան արդիւնաւէտ ընթացքը յատուկ ժամերու վրայ բաժնուած է, առտուան զարթնումէն մինչեւ քնանալու պահը: Դպրեվանեցին առաջին իսկ օրէն կը ծանօթանայ ժամանակացոյցին եւ ըստ այնմ կը գիտնայ, թէ իւրաքանչիւր զանգ ի՛նչ ընելու «կանչ» մըն է: Եւ որպէսզի դպրեվանեցին … Read more

Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Չէ Միջամուխ Ըլլան Հայաստանի Ներքին Գործերուն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ոչ մէկ օտար երկիր պէտք է միջամուխ ըլլայ անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի ներքին գործերուն: Միա՛յն հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի ընտրելու իր ղեկավարները եւ որոշելու իր քաղաքականութիւնը: Հեգնական է, որ այն հայերը, որոնք օր ու գիշեր կը բարձրաձայնեն ռուսական միջամտութեան մասին, լիակատար լռութիւն կը պահեն, երբ արեւմտեան երկիրները (Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները) բացայայտօրէն … Read more

Դիտարկումներ` Ուաշինկթընի Մէջ Յունիսեան Եռակողմ Բանակցութիւններու Արդիւնքին Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Երեքշաբթի, 2 յունիսին եւ չորեքշաբթի, 3 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցան Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններ, որոնք շարունակութիւնն են հինգշաբթի, 14 մայիսին եւ ուրբաթ, 15 մայիսին նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն, եւ գործադրութիւնը` անոնց ընթացքին գոյացած համաձայնութեան: Երկու կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին զինադադար հաստատելու, պայմանաւ որ Հըզպալլան իր կրակոցը … Read more

ՀՄԸՄ-ականներս Միշտ Հաւատարիմ Կը Մնանք Մեր Երդումին` Պատուով Ծառայել Հայ Ազգին Ու Սրբազան Հայրենիքին*

ԻՇԽԱՆ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Այսօր մենք անսահման հպարտութեամբ համախմբուած ենք հոս`  տօնակատարելու հայոց արդի պատմութեան ամէնէն նուիրական եւ շրջադարձային թուականներէն մէկը` 28 մայիս 1918-ի սրբազան յաղթանակն ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման փառապանծ տարեդարձը: Պատգամ բովանդակող ճակատագրական զուգադիպութեամբ, այս նուիրական թուականը կապուած է ծնունդին` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ), որ կեանքի կոչուեցաւ նոյն տարուան նոյեմբերին` դառնալով նորածին հանրապետութեան … Read more

Եթէ Փաշինեան Արգիլէ Որեւէ Ընդդիմադիր Կուսակցութիւն, Մնացեալները Պէտք Է Պոյքոթի Ենթարկեն Ընտրութիւնները

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ իր նախընտրական քարոզարշաւը` Հայաստանի օրէնսդրութեան բազմաթիւ խախտումներով: Ամէն անգամ, երբ քարոզարշաւի ընթացքին ոեւէ քաղաքացի համարձակի քննադատել զայն, ականատես կ՛ըլլանք Փաշինեանի կոպիտ, վիրաւորական, ջղագար ու յարձակողական արձագանգին: Ասիկա խոհեմ անձի մը բնորոշ վարքագիծ չէ, աւելի՛ն, յարիր չէ վարչապետի մը: Վերջին շաբաթներուն ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած բազմաթիւ տեսանիւթերը ցոյց կու տան … Read more

Բառերու Քաղաքական Նոր Իմաստներ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ Ստորեւ ներկայացուածը բառերու եւ բառակապակցութիւններու ցանկ մըն է` կազմուած ստորագրեալիս կողմէ, նախ տալով իսկականը, ապա կողքին նոր իմաստը, հիմնուած վերջին 7-8 տարիներուն, գերագոյն դաւաճանին (Նիկոլ Փաշինեանին) եւ իր ուսապարկերուն Հայաստանի իշխանութեան վրայ տեղադրուելէն ետք, գործածածներուն եւ գործունէութեան վրայ մեր հայրենիքին մէջ, բնատիպէն հեռանալով երբեմն 180 աստիճան: Մեծ մասը գերագոյն դաւաճանին ու իր անմիջական … Read more

Գլխաւոր Խայտառակութիւնը՝ Մոռացութեան Մատնուած – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Հայաստանի ընտրապայքարը շուտով կը հասնի իր աւարտին: Բաւական խօսուեցաւ անոր որակի պակասին, իշխանութեան հիմնական հերոսի արտառոց վարուելակերպին մասին, որուն դէմ ժամանակին իր ուղղութեամբ պարզուած դեղին քարտը դիւրութեամբ եւ բացարձակ իրաւունքով կարելի էր ներկել կարմիրով, եւ խաղէն դուրս շպրտել բարձրաստիճան օրինազանցը, որ բազմիցս ոտնակոխ ըրած էր ամէն տեսակի օրէնքները, թէ՛ սահմանադրական, թէ՛ քրէական-իրաւական, թէ՛ … Read more

Մէկ Քրիստոս, Բայց Բաժնուած Եկեղեցիներ… (Քաղկեդոնէն մինչեւ մեր օրերը․ բաժանում, երկխօսութիւն եւ հաշտեցում)

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Բարթողիմէոս Ա. Տիեզերական պատրիարքը կը դիմաւորէԹաուատրոս Բ. Ղպտի եկեղեցւոյ պապը Կ.Պոլիս՝ Ֆանարի մէջ,25 ապրիլ 2026 թ.։ (Լուսանկար՝ Նիքոս Փափաքրիստու) Առկայ յօդուածին սկիզբը պիտի ուզէինք երկու եզրեր յստակացնել ընթերցումը ա­ւելի դիւրըմբռնելի դարձնելու նպատակով։ Մին Արեւելեան ուղղափառ (Eastern Ortho­dox) կամ Արեւելեան քաղկե­դոնական եկեղեցիներ բա­ռակապակցութիւնն է, իսկ միւսը՝ Արեւելեան հին ուղ­ղափառ (Oriental Orthodox) կամ … Read more

Մեր Պայքարը Իր Իրական Տարողութեամբ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Տարրական տրամաբանութեամբ, Փաշինեանի մտագարութիւնները պէտք է լրջօրէն տագնապահար ընեն իր կուսակիցները եւ մղեն զիրենք, խստագոյն միջամտութեամբ, կարգի հրաւիրելու գազազած իրենց ընկերը: Նոյն տրամաբանութեամբ, խուճապի մթնոլորտ պէտք է տիրէ Անգարայի, Պաքուի, Արեւմուտքի եւ Իսրայէլի մէջ` ի տես Փաշինեանի սանձարձակ պոռթկումներուն… (Ինչպէ՞ս զսպել բաղնիքին մէջ յայտնուած այս անկայունը…): «Յո՞ երթանք, պարոնա՛յք…», պիտի ըլլայ Հաքան Ֆիտանի … Read more

Եթէ Այսպէս Շարունակենք… – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Ինձ միշտ զարմացրել է, թէ ինչպէ՛ս են կործանուած, անհետացած պետութիւնների ժողովուրդները անտարբեր շարունակում իրենց կեանքը, միայն տօնից տօն իրենց երգ ու պարով, այն էլ` արդէն աղաւաղուած, յիշելով իրենց ազգութեան մասին: Հիմա տեսնում եմ, որ մենք ենք ազգովին գնում այդ ուղղութեամբ: Հաշուըւած օրեր են մնացել մեր երկրի ճակատագրական ընտրութիւններին, եւ թւում էր … Read more