Մէկ Բարձի Վրայ Ծերանաք – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ

Մեր պապերէն մնացած` «Մէկ բարձի վրայ ծերանաք» մաղթանքը պարզ խօսք մը չէ, անիկա ամբողջ կեանքի փիլիսոփայութիւն մըն է: Այս խօսքերուն մէջ ամփոփուած են` սէրը, համբերութիւնը, նուիրումը եւ երկու հոգիներու երկար ճամբան միասին անցընելու երազը:

Անցեալին, երբ մեծերը այս մաղթանքը կ՛ուղղէին նորապսակներուն, անոնք միայն երկար կեանք չէին մաղթեր: Անոնք կ՛աղօթէին, որ ամուսինները միասին դիմագրաւեն կեանքի փորձութիւնները, իրարու թիկունք կանգնին դժուար օրերուն, եւ տարիներու ընթացքին չհեռանան հոգեպէս: «Մէկ բարձ»-ը այստեղ պարզ առարկայ մը չէ, անիկա խորհրդանիշն է միութեան, մտերմութեան եւ նոյն ճակատագիրը բաժնելու կամքին:

Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր յարաբերութիւնները յաճախ արագ կը սկսին եւ արագ ալ կը մարին, այս մաղթանքը աւելի խոր իմաստ կը ստանայ: Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ իրական սէրը միայն զգացում չէ, այլ ամէն օր կատարուող ընտրութիւն մըն է` հասկնալու, ներելու, համբերելու եւ միասին աճելու:

«Մէկ բարձի վրայ ծերանալ»-ը կը նշանակէ` տարիներու ընթացքին իրարու աչքերուն մէջ նոյն ջերմութիւնը պահել, նոյնիսկ երբ մազերը ճերմկին, ու դէմքերը կնճռոտին:

Մեր մեծերը գիտէին, որ երջանիկ ընտանիքը միայն ուրախ պահերով չի կառուցուիր: Անիկա կը կառուցուի փոխադարձ յարգանքով, զոհողութեամբ եւ նեղ օրերուն իրարու ձեռք բռնելով: Ահա թէ ինչո՛ւ այս մաղթանքը դարերէ ի վեր ապրած է մեր լեզուին ու մշակոյթին մէջ:

«Մէկ բարձի վրայ ծերանաք» խօսքը այսօր ալ կը շարունակէ ջերմացնել սրտերը, որովհետեւ ան մարդկային մեծագոյն փափաքներէն մէկուն արտայայտութիւնն է` միայնակ չմնալ, այլ` ամբողջ կեանքը մէկու մը հետ բաժնել սիրով ու հաւատարմութեամբ:

Այսօր այս մաղթանքը շատերու համար դարձած է ոչ միայն գեղեցիկ աւանդական խօսք, այլ նաեւ քիչ մը տխուր յիշեցում մը` այն արժէքներուն, որոնք կարծես օրէ օր կը նօսրանան: Ժամանակակից կեանքը արագացած է, մարդիկ աւելի անհամբեր դարձած են, իսկ յարաբերութիւնները` աւելի փխրուն: Այս պայմաններուն մէջ հաւատարմութիւնը, անկեղծութիւնը եւ երկարատեւ սէրը երբեմն դժուար գտնուող արժէքներ կը թուին:

Սակայն այս մաղթանքին իրական խորհուրդը այսօր աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ: Ան կը յիշեցնէ, որ սէրը միայն գեղեցիկ բառեր կամ կարճատեւ զգացումներ չէ: Իրական սէրը կը փորձուի ժամանակի ընթացքին` դժուարութիւններու, նիւթական խնդիրներու, հեռաւորութիւններու եւ կեանքի բազմաթիւ փորձութիւններու մէջ: Հաւատարիմ մնալը այսօր պարզ պարտաւորութիւն մը չէ, այլ գիտակից ընտրութիւն մը` մարդ մը ամբողջ հոգիով արժեւորելու:

Անկեղծութիւնն ալ նոյնպէս վտանգուած արժէք մըն է: Մարդիկ յաճախ դիմակներով կը ներկայանան իրարու, զգացումները կը ծածկեն կամ շահը կը դնեն սիրոյ տեղ: Բայց «Մէկ բարձի վրայ ծերանալ» կարելի չէ առանց ճշմարտութեան ու վստահութեան: Երկու հոգի կրնան երկար ճամբայ անցնիլ միասին, միայն երբ իրարու հանդէպ բաց ու անկեղծ ըլլան:

Թէեւ շատեր այսօր կը կարծեն, թէ իրական սէրը պակսած է, բայց այս մաղթանքը տակաւին կ՛ապրի, որովհետեւ մարդուն սիրտը միշտ կը փնտռէ ապահովութիւն, պատկանելիութիւն եւ անկեղծ սէր: Մարդիկ տակաւին կ՛ուզեն ունենալ մէկը, որուն հետ ոչ միայն երիտասարդութիւնը, այլ նաեւ ծերութիւնը բաժնեկցին:

Ուստի այս հին մաղթանքը այսօր դարձած է յիշեցում մը, որ սէրը պահելու համար միայն սիրահարիլը բաւարար չէ, այլ պէտք է դրսեւորել` հաւատարմութիւն, համբերութիւն, ներողամտութիւն եւ ունենալ անկեղծ սիրտ: Միայն այդպէս կարելի է իսկապէս «Մէկ բարձի վրայ ծերանալ»:

Այսօրուան աշխարհին մէջ շատեր կը զգան, թէ մարդկային յարաբերութիւններուն վրայ թունաւոր մթնոլորտ մը կը տիրէ: Նիւթապաշտութիւնը, չափազանց անհատապաշտ (ազատութեան) գաղափարը եւ շահի մտածելակերպը աստիճանաբար փոխած են սիրոյ ու ընտանիքի արժէքները: Մարդիկ աւելի շատ սկսած են արժեւորել այն, ինչ որ մարդը ունի, քան այն, ինչ որ մարդը իրականութեան մէջ է:

Ազատութիւնը, որ իր իսկական իմաստով պէտք էր մարդուն արժանապատուութիւնը բարձրացնէր, շատ անգամ վերածուած է պատասխանատուութենէ փախուստի: Շատեր այլեւս չեն ուզեր զոհողութիւն ընել, համբերել կամ պայքարիլ` յարաբերութեան պահպանման համար: Ներկայ մտածելակերպը մարդուն կը սորվեցնէ` «Առաջինը դո՛ւն ես»: Բայց իրական սէրը միայն «ես»-ով չ՛ապրիր, ան «մենք»-ի վրայ կը կառուցուի:

Նիւթապաշտութիւնն ալ իր հերթին սիրոյ չափանիշները փոխած է: Երբեմն մարդոց արժէքը կը չափուի դրամով, դիրքով կամ արտաքին փայլքով: Այս մթնոլորտին մէջ անկեղծ զգացումները դժուար կը զատորոշուին շահախնդրութենէն: Այդ պատճառով ալ վստահութիւնը կը տկարանայ, իսկ հաւատարմութիւնը կը նուազի:

Ահա թէ ինչո՛ւ մեր պապերէն մնացած «Մէկ բարձի վրայ ծերանաք» մաղթանքը այսօր աւելի խոր եւ գրեթէ պայքարի կոչի նման իմաստ ունի: Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ իրական երջանկութիւնը ո՛չ նիւթական առատութեան մէջ է, ո՛չ ալ սահման չունեցող ազատութեան, այլ` երկու սրտերու հաւատարիմ միութեան մէջ:

Այս մաղթանքը կարծես հին ժամանակներէն եկող ձայն մըն է, որ կ՛ըսէ` սէրը պահպանելու համար պէտք է դրսեւորել` նուիրում, պատասխանատուութիւն եւ մարդկային ջերմութիւն: Առանց այս արժէքներուն` ո՛չ ընտանիք կը դիմանայ, ո՛չ ալ մարդը ներքին խաղաղութիւն կը գտնէ:

Պատահական չէր, որ այսօր յիշեցի մեր մեծերէն մնացած «Մէկ բարձի վրայ ծերանաք» մաղթանքը: Կարծես կեանքը ինք ուզեց անոր իրական պատկերը ցոյց տալ ինծի:

Պուրճ Համուտ էի: Կ՛ուղղուէի Ազգային ծերանոց` հանդիպումի մը մասնակցելու: Ճամբուս վրայ, քիչ մը հեռուէն, նկատեցի ծերունի զոյգ մը: Մօտաւորապէս իննսուն տարեկան պիտի ըլլային: Ամուսինը տակաւին քիչ մը շիտակ մէկ քայլ առջեւէն կը քալէր, ամէն քայլափոխին ետ կը նայէր կնոջը ուշադիր ըլլալու, մինչ կինը` կորաքամակ, դանդաղ քայլերով ետեւէն կու գար: Անոնց մէջ տարօրինակ խաղաղութիւն մը կար:

Մօտեցայ ու զրոյցի բռնուեցայ: Ժպտելով ըսի.

– Օ՜հ, անուշիկներ, այս համովիկ մամիկը ի՞նչդ կ՛ըլլայ:

Ծերունին աչքերուն մէջ սիրոյ փայլ մը ունենալով` պատասխանեց.

– Կինս է:

Հարցուցի` քանի՞ տարիներէ ամուսին են: Թեթեւ ժպիտով, կարծես տարիները հաշուելն իսկ անկարեւոր դարձած ըլլար, ըսաւ.

– Շա՜տ երկար…

Այդ «Շա՜տ երկար»-ին մէջ ամբողջ կեանք մը կար: Երիտասարդութիւն, պայքար, նեղութիւն, ուրախութիւն, արցունք, հաւատարմութիւն… ամբողջ պատմութիւն մը:

Հարցուցի` բանի մը պէտք ունի՞ն, կրնա՞մ օգտակար ըլլալ: Երկուքն ալ այնքա՜ն քաղցր ժպիտով շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ սիրտս լեցուեցաւ: Զրոյցին ընթացքին իմացայ, որ առանձին կ՛ապրին, բայց իրարու հանդէպ այնպիսի գորովանքով ու սիրով լեցուն էին, որ կարծես ժամանակը անզօր եղած էր իրենց զգացումներուն դիմաց:

Այդ պահուն խորքին մէջ ըսի ես ինծի.

– Ահա՛ «Մէկ բարձի վրայ ծերանաք» մաղթանքին ամբողջ պատկերը:

Ո՛չ շքեղութիւն կար, ո՛չ ցուցադրութիւն, ո՛չ ալ մեծ խօսքեր: Միայն երկու հոգի, որոնք ամբողջ կեանք մը իրարու ձեռք բռնած անցուցած էին ու տակաւին նոյն ճամբան միասին կը շարունակէին:

Այդ ծերունի զոյգը ինծի աւելի մեծ դաս մը տուաւ, քան` շատ գիրքեր կամ քարոզներ: Անոնք ապացուցեցին, որ իրական սէրը ժամանակէն աւելի ուժեղ է, որ` հաւատարմութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի, եւ որ` գեղեցկագոյն սէրերը այն սէրերն են, որոնք տարիներու ծանրութիւնը կը կրեն, բայց սրտերուն ջերմութիւնը չեն կորսնցներ:

Այդ օրուան տեսարանը երկար ատեն մնաց մտքիս ու սրտիս մէջ: Այդ ծերունի զոյգը ինծի համար դարձաւ կենդանի յիշեցում մը, որ իրական սէրը դեռ գոյութիւն ունի, որ` հաւատարմութիւնը հին աշխարհի հետ ամբողջովին չէ անհետացած: Անոնք ապացուցեցին, որ երկու մարդ կրնան ամբողջ կեանք մը միասին անցընել` ոչ միայն սիրահարած, այլ նաեւ` իրարու ընկեր, ապաւէն ու հոգեկան տուն դառնալով:

Այսօր, երբ աշխարհը աւելի արագ, աւելի սառն եւ երբեմն աւելի շահամոլ դարձած է, նոր սերունդը պէտք ունի վերագտնելու այս արժէքները: Սէրը միայն գեղեցիկ նկարներ, կարճ հաճոյքներ, կամ անցողիկ զգացումներ չէ: Իրական սէրը զոհողութիւն կ՛ուզէ, համբերութիւն, ներողամտութիւն եւ պատասխանատուութիւն:

Նոր սերունդին պիտի ըսէի` մի՛ փնտռէք միայն կատարեալ մարդը, այլ փորձեցէք դառնալ հաւատարիմ ու անկեղծ մարդ: Յարաբերութիւնները մի՛ զոհէք նիւթապաշտութեան, եսասիրութեան կամ կեղծ ազատութեան գաղափարներուն: Սորվեցէ՛ք իրարու ձեռք բռնել դժուար օրերուն ալ, որովհետեւ իսկական սէրը ճիշդ հոն կը փորձուի:

Երբ երկու հոգի իրարու հանդէպ սէր, յարգանք ու հաւատարմութիւն կը պահեն, տարիները այլեւս բեռ չեն դառնար: Անոնք կը դառնան յիշատակներու, պայքարներու ու միասին ապրուած կեանքի գեղեցիկ պատմութիւն մը:

Եւ թերեւս այն ատեն միայն մեր պապերէն մնացած մաղթանքը իր ամբողջ խորքով իրականութիւն կը դառնայ.

«ՄԷԿ ԲԱՐՁԻ ՎՐԱՅ ԾԵՐԱՆԱՔ:

 

 

Leave a Comment