Դեռ Չսորվեցա՞նք – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Մ.ԿԵՍԱՐԵԱՆ

Տաւուշը յանուն հայրենիքի շարժում

Տարօրինակ մարդիկ են հայերը: Ինչքան նոյնանման փորձանք ալ գայ իրենց գլխուն, այնքան կը պնդեն իրենց բազում անգամներ կրկնած ու կրկնած սխալին վրայ: Հիմա ալ նախկին ու ինքզինք կրկին պարտադրել փորձող, յաւիտենականութեան ուղղութեամբ սլացող վարչապետին տարօրինակ գիւտերուն դէմ ճակատելու ձեռնարկած ենք, թերեւս մտածելով, որ անոր անպարկեշտ ծրագիրները մեր ձեւով (փոխ առնելով սկիզբն երկանց արտայայտուած խօսք մը) կրնանք խանգարել:

Անցած երկուշաբթին նոր թեւակոխած ժամերուն, երբ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը զբաղած էր քաղաքացիներու քուէները իր հայեցողութեամբ համրելով, վարչապետը, իր գործակիցներու այլայլած դէմքերուն ու բռնազբօսիկ ժպիտներուն եւ ծափերուն ընկերակցութեամբ աւետեց, թէ իր կուսակցութիւնը ցարդ հրապարակուած տուեալներով յաղթած է, եւ հետեւաբար ինք վարչապետ կը մնայ եւ կը կազմէ յաջորդ կառավարութիւնը: Զարմանալին այն է, որ ըստ երեւոյթին այդ կէտին կանգ առաւ նաեւ քուէներու հաշուարկը, որպէսզի յանձնախումբի անդամները հանգստանան եւ արդէն յետաձգուած ժամանակացոյցը մէկ ժամով ալ զանցելով յայտարարեն ընդհանուր ու առժամաբար վերջնական արդիւնքները, որոնք կը հաստատէին շուրջ տասը ժամեր առաջ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնը, որ արդէն անցած էր իր պաշտօնի գլուխը առանց իսկ սպասելու նորընտիր Ազգային ժողովի կազմութեան եւ անոր կողմէ նոր վարչապետի ընտրութեան:

Հիմա նորէն պիտի սպասենք մինչեւ յաջորդ կիրակի, երբ պիտի յայտարարուին կատարուած ընտրութեան վերանայուած, կ’ենթադրուի նաեւ՝ սրբագրուած, արդիւնքները: Այո՛, սխալներ կային նախորդ երկուշաբթուան յայտարարութեամբ հրապարակուած թիւերուն մէջ, որոնց ճշգրտումը կատարուած էր առաւելաբար շահագրգռուած կողմերէն: Հիմնական խնդիրներէն մէկը այն էր, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը(ԲՀԿ) շեմէն թեթեւօրէն պակաս արդիւնքի մը հասած էր եւ հետեւաբար այդ ձեւով մաս պիտի չկազմէր նոր կազմուող խորհրդարանին: Այդ ձեւով ԲՀԿ-ի քուէները պէտք է բաշխուէին անցողիկ շեմը անցած կուսակցութիւններուն կամ դաշինքներուն: Առաջին շահառուն կ’ըլլար վարչապետի կուսակցութիւնը, որ ստացած է, ենթադրաբար, քուէներու ամէնէն բարձր թիւը. վերանայումէն ետք, չեմ գիտեր, այդպէս կը մնա՞յ, թէ ոչ. բայց կը կարծեմ, որ կը մնայ: ԿԸՀ-ը կը համարձակի՞ այդքան բացայայտ հակադրուիլ վարչապետներու վարչապետին (չմոռնանք, որ 3M վարչապետ կայ, նոյնիսկ եթէ անոնց թիւը քիչ մը փոխուած է, քանի հակառակին հրովարտակը չէ ելած վարչապետապետէն):

Ասիկա այդպէս ըլլալով, ուրիշ սխալ ալ սկսած ենք ընել: Ամբողջ Հայաստանի ճակատագիրը մեր օրերուն կախեալ է ԿԸՀ-ի ղեկավարէն: Մենք մարդը նեղացուցեր ենք եղեր: Սպառնացած է, որ դատարան կը դիմէ: Եղբայր մէկը արդէն կալանաւորել կու տայ կոր չի բաւեր, երկրորդը հրահրելու ի՞նչ պէտք կայ: Ասոր գոնէ դրական բան մը ընենք: Մեր քով քիչ մը քնանալու հրաւիրենք. սուրճ մը խմցնենք: Քնացած ատենն ալ թիւերը կը սրբագրենք. ուրիշներ ինչպէ՞ս կ’ընեն կոր: Դուք կը հաւատա՞ք, որ մարդը գիտակցաբար իր վարչապետին հակառակ ընթացք պիտի որդեգրէ: Հիմա բան մը պիտի ըսեմ, որ ձեզի շատ մտածել պիտի տայ: Ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ սրբագրութիւններուն ատեն նաեւ վարչապետի կուսակցութեան թիւե՛րն ալ դէպի վեր սրբագրուին, որուն արդիւնք անոնք խորհրդարանին մէջ ունենան 3/5-րորդէ կամ նոյնիսկ 2/3-րորդէ աւելի մեծամասնութիւն: Իսկ քուէներու այդ թիւերը ուրկէ՞ եւ որմէ՞ պիտի պակսին: Կա՞ն այդպիսի թիւեր: Թէ այս անգամ ալ  զինուորներուն պիտի ապաւինին: Իրենց անցուցած օրէնքներով այդքան զինուոր մնա՞ց Հայաստանի մէջ:

Հաճիք խնդիրը աւելի չբարդացնենք: Վրաստանի վարչապետը համեմատաբար կանուխ քնանալու համար շուտ մը շնորհաւորեց ինքնընտրեալը: Հեռուէն Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը իր սիրեցեալը վայրկեան առաջ ողջագուրելու կը պատրաստուի. Տը Կոլը եւ Միթըրանը իրենց գերեզմաններուն մէջ ֆըրըլ-ֆըրըլ կը դառնան կոր: Սակարանի տախտակին վրայ եւրոպական արժէք ըսուածները (խօսքը պուրսային մասին չէ) գետին ինկած փշրուած են: Եւրոպան գիտակցաբար բարոյական սնանկութիւն յայտարարած է. ան մեր պետութեան մէջ տիրող «ժողովրդավարութիւն» ըսուածը գովաբանած է վարկաբեկելով Սոկրատեսն ու Պղատոնը: Մեղա՜, մեղա՜:

Ա՛լ չափ ու սահման չմնաց: Վերջ այս խեղկատակութեան կամ ալ վերջ կը գտնէ քաղաքակրթութիւնը. գոնէ՝ հայկականը: Քանի սահմանադրութիւնը յարգող իշխանաւոր չկայ, ժողովուրդը ի՛նք կեանքի պէտք է կոչէ իր իսկ հաստատած սահմանադրութիւնը: Վերջաւորութեան հաւասարակշռութիւնը ինքնաբերաբար կու գայ, ինչպէս պատահած է միշտ: Կա՛մ այսպէս, կա՛մ՝ այդպէս: Դեռ չսորվեցա՞նք:

Հինգշաբթի, 11 յունիս 2026

Leave a Comment