ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 27 մայիսին Համազգայինի բարեկամներու, ծնողներու, թատերասէրներու մեծ հոսքին հետ մուտք գործեցինք, ընտանիքս եւ ես, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ` Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի «Հէյ ջան, ղափամա» երեք արարէ բաղկացած թատերական ներկայացումը դիտելու: Յիշեցնենք, որ նախորդ օրը աշակերտական երկու ելոյթ հրամցուած էր լիբանանահայ վարժարաններէն 800 աշակերտի:
Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբը ունի արդէն իր պանծալի անցեալը. հիմնադրութենէն մինչեւ օրս պատրաստած ու բեմ հանած է տաղանդաւոր պատանիներ, որոնցմէ ոմանք դարձած են «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անդամներ: Այնտեղ իրենց սիրտն ու հոգին ներդրած են հայրենի եւ սփիւռքահայ արհեստավարժ բեմադրիչներ, որոնք ճիգ չեն խնայած իրենց առաւելագոյնը հրամցնելու թատրոնի ծարաւ հոգիներուն: Նոյն ճիգը կը շարունակուի նաեւ այսօր` հեղինակ եւ բեմադրիչ Սիլվա Սողոմոնեանի հետ, որ 2021 թուականէն ի վեր հեւ ի հեւ կ՛աշխատի մեր փոքրերուն ու պատանիներուն հետ:
* * *
«Հէյ ջան, ղափամա»-ն հայկական ժողովրդական կատակերգերէն թերեւս ամէնէն սիրելիներէն եւ գեղեցկագոյններէն մէկն է, եւ Սիլվա Սողոմոնեանի ճարտար ու ստեղծագործ ձիրքին շնորհիւ անիկա այսօր մեզի կը ներկայանայ թատրոնի տեսքով: Ղափաման հայկական աւանդական կերակրատեսակն է, որ ընտանեկան ջերմութեան եւ կարեւորութեան խորհրդանիշը դարձած է այստեղ: Ան կը միաւորէ բոլորը եւ կը դադրի սովորական ճաշ մը ըլլալէ:
* * *
Առաջին արարին մէջ կը տեսնենք տանտիկինը, որ իր տան բակէն կ՛ուզէ պոկել դդումը եւ կը խնդրէ իր ընտանիքի անդամներուն օգնութիւնը: Ան իր խնամիներուն համար կ՛ուզէ պատրաստել հայկական աւանդական ղափաման, որ առանցքն է հետագայ բոլոր գործողութիւններուն: Չափէն աւելի տագնապող տանտիկինը կը բախի ընտանիքի անդամներուն անտարբերութեան. անոնք բոլորն ալ զբաղած են իրենց անհատական գործերով: Մէկը իր արդուզարդին, միւսը իր հանգիստին ետեւէն է: Ոչ ոք ձեռք կու տայ դդումը գետինէն պոկելու աշխատանքին: Մերթ ընդ մերթ կ՛երեւի հետաքրքիր դրացին, որ թէեւ կը յայտարարէ, թէ ինք դրացիներուն անձնական կեանքին չի խառնուիր, սակայն քիթը ամէն ինչի մէջ կը մտցնէ: Անտարբեր ու անհոգ ամուսինը կը նախընտրէ իր հանգիստը եւ առաջին տեսարանի աւարտին նոյնիսկ չ՛անդրադառնար, որ կինը բակին մէջ յոգնած-քնացած է: Շարքով բեմ կը մտնեն զաւակներն ու հարսնցուն: Ընտանիքը բազմանդամ է` չորս աղջիկ եւ մէկ տղայ. անոնք անընդհատ կը վիճին իրարու հետ. բնական երեւոյթ. մէկը իր մազերուն, հարսնցուն իր հագուածքին, իսկ միւսը իր արուեստի յառաջընթացին մասին կը խօսի: Եղբօր-քրոջ անվերջանալի վէճեր ու անհամաձայնութիւններ: Ահա կու գայ ծեքծեքուն քալուածքով ճարպիկ խնամախօսը, որ ինքնավստահ կը յայտարարէ` «Ինձմէ գործ կ՛ելլէ, գո՜րծ»:
Ապա կարգով կ՛երեւին ազգականները` մօրաքոյր, հօրաքոյր, քեռի, կնքամայր` Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայէն եւ Հայաստանէն: Անոնք իրենց ապրած գաղութներուն սովորութիւնները, մտածելակերպն ու մտահոգութիւնները կը բացայայտեն, սակայն բոլորն ալ կարօտցած են իրենց ծննդավայր Լիբանանը, ինչպէս նաեւ իրենց մտածումներուն կիզակէտը կը հանդիսանայ Հայաստանը` երեւանեան գեղեցիկ միջավայրով, բայց նաեւ` քաղաքական վերիվայրումներով, Արցախի տագնապով: Ի վերջոյ այս բոլորը միաւորողը հայու ինքնութիւնն ու լեզուն են եւ այս պարագային` արեւմտահայերէնը:
Երրորդ տեսարան. ուղղակի սրահէն դէպի քուլիսները կ՛ուղղուին խնամիները, որոնք դրան զանգին հետ ներս «կը խուժեն», մինչ տնեցիներն ու մանաւանդ հարսնցուն իրենց տնային հագուստներով են… Աչք շոյող հակադրութիւն մըն է այս տեսարանը, ուր խնամիները, որոնք ի տարբերութիւն լիբանանահայ համեստ ընտանիքին` Ֆրանսայէն եկած բարեկեցիկ մարդիկ են եւ կը ներկայանան պսպղուն, շլացուցիչ, սակայն ակնահաճոյ տարազներով եւ թանկարժէք զարդեղէններով ու նուէրներով…
* * *
Թատերախաղին արծարծած թեմաները բազմակողմանի են եւ պատգամներով լեցուն. կը հրամցուին փոքրերու լեզուով` պարզ ու անպաճոյճ, ինչպէս է արդէն հեղինակ Սիլվա Սողոմոնեանի ոճը: Անվերջանալի վէճեր, մանր-մունր տարակարծութիւններ, արտաքին երեւոյթներու ճնշում, դրամի ու փառքի ցուցադրութիւն, բայց նաեւ` անմեղութիւն, կեանքի պարզութիւն, ընկերասիրութիւն, աւանդապաշտութիւն, ընտանեկան համերաշխութիւն, արուեստի կարեւորութիւն, լաւագոյնի ձգտում, կարօտախտ, հայրենիքի սէր: Այս բոլորը համեմուած են` հաճելի ու սրամիտ դարձուածքներով, բանաստեղծական տողերու մէջբերումներով, առածներով, երգերով ու պարերով, որոնք, անկասկած, գեղեցիկ լուծումներ են դիւրահաղորդ դարձնելու համար միտքը:
* * *
Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ եկած 32 մանուկներուն ու պատանիներուն հետ շաբաթը միայն մէկ խմբային աշխատանքով չէ բաւարարուած հոգատար բեմադրիչը, այլ անսահման համբերութեամբ ու նուիրուածութեամբ աշխատած է նաեւ անհատաբար: Հայերէնի սահուն խօսքը, ճշգրիտ առոգանութիւնն ու շեշտադրումը, բեմական վախի յաղթահարումը, կեցուածքն ու համարձակութիւնը օրերու թաւալումին հետ հետզհետէ իւրացուած են: Զգալի էր նոյնիսկ օտար դպրոց յաճախող պատանիներուն բծախնդրութիւնն ու ճիգը` իրենց վստահուած բաժինը լաւապէս ներկայացնելու:
Ահաւասիկ այս թատերախաղին ընդմէջէն ամչկոտը դարձած էր համարձակ, համարձակը` հմտացած, տաղանդաւորը` աւելի կոփուած: Իրար լսելը, մէկզմէկու տարբերութիւնները յարգելը, զիրար հանդուրժելը, ազատ խօսքն ու խիզախ շարժուձեւը լաւապէս ըմբռնած փոքրիկ դերասանները անուղղակիօրէն քաղած էին նաեւ այս բարոյական արժէքները: Սիլվա Սողոմոնեան, որ նաեւ մասնագիտութեամբ ընկերային ծառայող ու մանկավարժ է, հաւատալով փոքրերուն կարողութեան` քաջալերած ու յառաջ մղած էր զանոնք: Ան լաւապէս կարողացած էր տեսլականը ունենալ կատարելու ճշգրիտ դերաբաշխում` բեմ հանելով թատրոն յաճախող իւրաքանչիւր անդամ, թէկուզ` մէկ-երկու նախադասութեան կամ պարային մէկ շարժումի համար: Իւրայատուկ էր նաեւ հաղորդավարներուն ներկայութիւնը, որ յաւելեալ փայլք տուած էր ներկայացումին: Յստակ, սահուն ու անկաշկանդ արտայայտութեամբ, անոնք հանդիսատեսը անմիջապէս տեղափոխեցին դէպի թատրոնի հեքիաթային աշխարհ:
* * *
Հանդիսատեսներս վայելեցինք, հրճուեցանք, երբեմն մտովի յուզուեցանք, բայց հպարտացանք եւ հոգեպէս լիցքաւորուեցանք` ի տես տարուած հսկայական աշխատանքին: Ճաշակաւոր ու ներդաշնակ բեմայարդարումը, ձայնի եւ լոյսի անթերի սարքաւորումը, երաժշտութեան ճիշդ ընտրութիւնն ու ձայնագրութիւնը, տարազներու ճոխութիւնը, գունագեղ գրքոյկի փայլուն տպագրութիւնը, քուլիսներու ետին աշխատողները, ծանուցումները, որմազդն ու նախապէս տեղի ունեցած հարցազրոյցները եւ այլազան աշխատանքները ունէին միացեալ յայտարար` կազմակերպուածութիւն:
Յատուկ գնահատանքի արժանի է հեղինակ եւ բեմադրիչ Սիլվա Սողոմոնեան, որ իր հեղինակած նախորդ թատրերգութիւններով (եւ բեմականացումներով) իր ճամբան հարթած կը թուի ըլլալ աւանդ ունեցող անուններու կողքին: Յարատեւութիւն եւ անխափան երթ կը մաղթեմ ինչպէս իրեն, այնպէս ալ «Արեգ» թատերական դպրոցին եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին` Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան, Ծնողաց օժանդակ խմբակին, նուիրատուներուն ու հովանաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կամաւորաբար կը ծառայեն ի պանծացումն մեր մշակոյթին:
* * *
Իւրաքանչիւր յաղթահարուած դժուարութիւն նուաճում մըն է ինքնին: Սիրելի՛ փոքրիկ դերասաններ, դուք նուաճեցիք այդ շեմը եւ ուժ տուիք մեզի: Դո՛ւք էք վաղուան մեր յոյսը: Կեցցէ՛ք:
Նայինք մեր շուրջը եւ գուրգուրանք մեր տաղանդներուն` մեծ թէ փոքր, վստահինք անոնց, տանք ազատ գործելու դաշտ, ուր անոնք ինքնավստահ եւ հաստատուն քայլերով պիտի տնօրինեն իրենց առաւելագոյնը` հարստացնելով մեր ստեղծագործական ուղին:
Պէյրութ, 3 յունիս 2026