Հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու գոյատեւումը միայն սուրով ու արիւնով չէ պահպանուած: Ան պահպանուած է նաեւ` գիրով, լեզուով, բառով եւ յիշողութեամբ:
Երբեմն ամբողջ ազգի մը գոյատեւումը կախեալ եղած է մէկ մարդու մոմավառ ճիգէն, ինչպէս` Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը, որ խոնարհ լռութեամբ կրցաւ փրկել այն, ինչ պատերազմներն ու բռնութիւնները կը փորձէին ջնջել: Այդպիսի բացառիկ հոգեմտաւոր պահապաններէն մէկն էր նաեւ Հրաչեայ Աճառեան:
2026 թուականին կը լրանայ հայ լեզուաբանութեան մեծասքանչ հսկային` Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակը: Այս յոբելենական հանգրուանին մենք ոչ միայն կը յիշենք մեծ գիտնական մը, այլեւ կը խոնարհինք այն մարդուն առջեւ, որ բառերը վերածեց ազգային գոյապայքարի սրբազան զէնքի:
Աճառեան հայոց լեզուն չէր ուսումնասիրեր միայն որպէս գիտական նիւթ: Անոր համար հայերէնը կենդանի էութիւն մըն էր` ժողովուրդի հոգին, պատմութիւնն ու ճակատագիրը իր մէջ ամբարող:
Իւրաքանչիւր բառի մէջ Աճառեան կը փնտռէր դարերու շունչը, գաղթերու ոտնաձայնը, վանքերու համրացած զանգերը, գաւառներու հնամաշ բարբառները, ժողովուրդի ցաւն ու յոյսը: Ան բառեր չէր հաւաքեր միայն, ան կը փրկէր ազգային ինքնութիւնն ու յիշողութիւնը:
Հրաչեայ Աճառեան ծնած է 8 մարտ 1876-ին, Կոստանդնուպոլիս, արմատներով նահապետական հայ ընտանիքի յարկի տակ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքէն իսկ ան աչքի ինկած է լեզուներու հանդէպ իր բացառիկ հետաքրքրութեամբ եւ զարմանալի յիշողութեամբ:
Անցեալէն եկող անձկագին յիշողութեամբ մը կը պատմէ տղաս` Ռուբէնը, թէ Կեդրոնականի դասարաններէն մէկուն պատին վրայ մինչեւ այսօր կը պահպանուի աւարտական դասարանի խմբանկար մը, ուր կը յատկանշուին ապագայի երեւելիներ, անոնց շարքին` Հրաչեայ Աճառեանը, Բաբգէն Սիւնին եւ ուրիշներ: Այդ լուսանկարը կարծես լուռ վկայութիւնն է այն սերունդին, որ պիտի դառնար հայ մտքի եւ մշակոյթի փայլուն դրօշակիրը` մշտարթուն ղօղանջ մը հայութեան մտահոգեւոր կեանքին մէջ:
Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Աճառեան հետեւեցաւ բարձրագոյն ուսման` մասնագիտանալով լեզուաբանութեան, հայագիտութեան եւ արեւելեան լեզուներու մէջ: Իր գիտական ճամբորդութիւնը զինք առաջնորդեց դէպի Եւրոպայի նշանաւոր համալսարանները, ուր ուսումնասիրեց` համեմատական լեզուաբանութիւն, հնդեւրոպական լեզուներ եւ բառագիտութիւն:
Աճառեան ուսանեցաւ Փարիզի Սորպոն համալսարանին, ապա Վիեննայի եւ Սթրազպուրկի համալսարաններուն մէջ, ուր հարստացուց իր գիտական պատրաստութիւնը ժամանակի մեծագոյն լեզուաբաններուն մօտ: Ան տիրապետեց բազմաթիւ լեզուներու, ներառեալ` հայերէնի տարբեր բարբառներուն, ֆրանսերէնին, գերմաներէնին, լատիներէնին, յունարէնին, պարսկերէնին, արաբերէնին, թրքերէնին եւ այլ լեզուներ, որոնք հետագային անոր պիտի օգնէին հայ բառերու ստուգաբանութեան մէջ աննախադէպ յայտնագործութիւններ կատարելու:
Աճառեան իր կեանքին ընթացքին դասաւանդեց տարբեր կրթական հաստատութիւններու մէջ եւ ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ լեզուագիտական աշխատանքի:
Հայոց ցեղասպանութենէն եւ ազգային աղէտներէն ետք ան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Հայաստան եւ դարձաւ Երեւանի պետական համալսարանի ամենայարգուած դասախօսներէն ու հայ լեզուագիտութեան հիմնասիւներէն մէկը: Հետագային ան արժանացաւ ակադեմիկոսի բարձր կոչումին` իր բազմամեայ վաստակին եւ համաշխարհային մակարդակի գիտական աւանդին համար:
Հրաչեայ Աճառեան հեղինակեց հարիւրաւոր ուսումնասիրութիւններ, գիտական յօդուածներ եւ բազմահատոր աշխատութիւններ, որոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն «Հայերէն արմատական բառարան»-ը, «Հայոց անձնանունների բառարան»-ը, «Հայ բարբառագիտութիւն»-ը եւ հայ լեզուի պատմութեան վերաբերող իր բացառիկ ուսումնասիրութիւնները: Անոր գործերը մինչեւ այսօր կը նկատուին հայ լեզուաբանութեան անփոխարինելի հիմքերը:
1953 թուականին, իր երկրային կեանքը աւարտելով, Աճառեան իր ետին ձգեց ոչ միայն գիտական ժառանգութիւն մը, այլեւ ազգային հոգեւոր կտակ մը` սերունդներուն յանձնելով մայրենի լեզուի պահպանման եւ մաքրութեան սրբազան պարտականութիւնը:
Հրաչեայ Աճառեան այն եզակի մտաւորականներէն էր, որոնց աշխատասիրութիւնը կը թուի ըլլալ մարդկային կարելիութիւններու սահմաններէն անդին: Տասնամեակներ շարունակ ան գրասեղանին առջեւ անխոնջ աշխատեցաւ` ստեղծելով հայ լեզուագիտութեան այնպիսի մեծարժէք գործեր, որոնք մինչեւ այսօր կը մնան անփոխարինելի աղբիւրներ:
Իր բազմահատոր «Հայերէն արմատական բառարան»-ը միայն բառագիտական աշխատութիւն չէ, անիկա ամբողջ քաղաքակրթութեան մը հոգեմտաւոր պատմութեան խորհրդանիշ մըն է:
Այդ էջերուն մէջ ապրող բառերը կարծես կը դառնան ժամանակի վկաներ, որոնք Աճառեանի ձեռքով կը վերագտնեն իրենց ծագումն ու ճակատագիրը:
Սակայն Աճառեանի մեծութիւնը միայն իր գիտական հանճարին մէջ չէր: Ան նաեւ ազգային նկարագրի տիպար մըն էր` համեստ, անձնուէր եւ անշահախնդիր: Իր կեանքը շքեղութենէ հեռու էր, բայց անոր մտքի հարստութիւնը` անհուն:
Ան կը պատկանէր այն սերունդին, որ գիտութիւնը կը դիտէր որպէս ծառայութիւն եւ ոչ թէ` փառքի միջոց: Իր աշխատանոցը լուռ մատուռ մըն էր, ուր բառերը կը դառնային աղօթք:
Աճառեան ապրեցաւ հայ ժողովուրդի ամենածանր ժամանակաշրջաններէն մէկուն մէջ: Ան ականատես եղաւ Ցեղասպանութեան, հայրենազրկութեան, մշակութային կործանումներու եւ ազգային ցնցումներու: Բայց նոյն այդ արհաւիրքներուն մէջ ան աւելի ամուր կառչեցաւ լեզուին, որովհետեւ խորապէս կը գիտակցէր, թէ ազգ մը կրնայ կորսնցնել հող, բայց եթէ կորսնցնէ լեզուն, կը կորսնցնէ իր գոյութիւնն ու հոգին:
Այսօր, օտարացնող այս ափերուն վրայ, երբ օտարալեզու բառերու հեղեղը, անտարբերութիւնն ու լեզուական աղքատացումը հետզհետէ կը նսեմացնեն մեր մայրենին, Աճառեանի պատգամը աւելի այժմէական կը հնչէ:
Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ` ազգային ինքնութեան տաճար:
Լեզուն աղաւաղողը կամ անտեսողը անգիտակցաբար կը խամրեցնէ նաեւ իր ժողովուրդի յիշողութիւնն ու գոյատեւումը:
Յարգելի՛ ընթերցող,
Հրաչեայ Աճառեանի 150-ամեակը պէտք չէ սահմանափակուի յոբելենական հանդիսութիւններով կամ պաշտօնական խօսքերով: Ան պէտք է վերածուի հոգեւոր վերանորոգման առիթի, մանաւանդ` նոր սերունդին համար:
Պէտք է վերադառնանք գիրքին, բառին, ընթերցանութեան եւ մաքուր հայերէնի արժէքին, որովհետեւ Աճառեան մեզի միայն բառարան չձգեց. ան մեզի ձգեց լեզուական արժանապատուութիւն:
Երբ այսօր կը խոնարհինք այս մեծ հայուն յիշատակին առջեւ, կը զգանք, թէ ան դեռ ներկայ է մեր լեզուի իւրաքանչիւր մաքուր բառին մէջ:
Ամէն անգամ, երբ հայ մարդ մը սիրով եւ գիտակցութեամբ կը գործածէ իր մայրենին, ան անուղղակիօրէն յարգանքի տուրք կը մատուցէ մեծանուն Հրաչեայ Աճառեանին:
Եւ թերեւս մեծագոյն յուշարձանը, զոր կրնանք կանգնեցնել անոր յիշատակին, քարակերտ կամ պրոնզաձոյլ արձանը չէ, այլ` մեր լեզուին հանդէպ վերագտնուած սէրն ու պատասխանատուութիւնը:
Խոնարհում` հայ լեզուի անխոնջ մշակին, բառերու ճգնաւորին եւ ազգային յիշողութեան անմահ պահապանին` Հրաչեայ Աճառեանի անմեռ յիշատակին:
14 մայիս 2026
Թորոնթօ
