Պըրրի. «Իսրայէլեան Ականահարումներուն Նկատմամբ Պէտք Չէ Լուռ Մնալ Կամ Այդ Իրողութեան Անձնատուր Ըլլալ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մեկնաբանեց իսրայէլեան բանակին կատարած ականահարումները, որոնք երէկ թիրախ դարձուցին Շքիֆի ամրոցի մերձակայքը, Առնուն, Քֆարթպնիթ, Եըհմոր Շքիֆ եւ Հատասա գիւղերը, իսկ ատկէ առաջ հարաւային շարք մը գիւղերը, գիւղաքաղաքներն ու քաղաքները: «Հարաւային Լիբանանի, Լեռնալիբանանի եւ մայրաքաղաք Պէյրութի սահմանակից շրջաններու զաւակները զգացին 700 թոն պայթուցիկ նիւթերուն յառաջացուցած ահաբեկչական պայթումներուն ցնցումները, որոնք 3,8 աստիճան երկրաշարժի … Read more