Միացեալ Նահանգներ Պատերազմի Աւարտի՞ն Կը Մօտենան

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի գիշեր ժամը 9:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 3:00-ին) ժողովուրդին պիտի յղէ ուղերձ մը` ներկայացնելու համար «Իրանի վերաբերեալ կարեւոր թարմացում մը»: Թրամփ այդ ուղերձէն ժամեր առաջ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ «շատ շուտով», «երկու կամ երեք … Read more

Թրամփ. «Լրջօրէն Կը Մտածեմ ՕԹԱՆ-էն Հեռանալու Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթին յայտնած է, թէ լրջօրէն կը մտածէ Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-էն հեռացնելու մասին` նշելով. «Միշտ ալ գիտէի, թէ ՕԹԱՆ-ը թուղթէ վագր է»: «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան համաձայնութենէն հեռանալու հարցը վերատեսութեան փուլէն անդին անցաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով, որ երկար ատենէ ի վեր կասկածներ ունեցած է ՕԹԱՆ-ի հաւաստիութեան վերաբերեալ: Պատասխանելով … Read more

Ժընահի Եւ Խալտէի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին Արեւմտեան Պեքայի Սըհմոր գիւղին վրայ գործեց 4 յարձակումներ, որոնց հետեւանքով արձանագրուեցան 4 զոհեր եւ 7 վիրաւորներ: Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, թէ գիշերուան ընթացքին Պէյրութի մէջ գործած է երկու յարձակումներ (Ժընահ եւ Խալտէ, «Ա.»), որոնք թիրախաւորած են «Հըզպալլայէն ականաւոր ղեկավար մը եւ այլ ականաւոր ղեկավար մը»: Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պէյրութի … Read more

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին

Երէկ` չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեանի: Հանդիպումէն ետք, վեհափառ հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց մամուլին` «Այցելեցինք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ նորին վսեմութիւն զօրավար Ժոզեֆ Աունին, մեր համայնքին անունով եւ անձնապէս Մեր զօրակցութիւնը յայտնելու իր … Read more

Նախարարական Ժողովը Կեդրոնացաւ Մարտական Կացութեան Վրայ

Երէկ վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ ու մեծաթիւ նախարարներու մասնակցութեամբ գումարուած նախարարական ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան երկրին ընդհանուր կացութիւնը, զինուորական ու ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու կարիքներու բաւարարման հարցը եւ այդ առնչութեամբ կառավարութեան որդեգրած քայլերը: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովէն ետք յայտարարեց, թէ վարչապետը ժողովի մասնակիցներուն ներկայացուցած է հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական ու ապահովական ներկայութիւնը, … Read more

Մուսա. «Կռիւի Հանդարտելէն Ետք, Ուսումնասիրման Համար Գաղափարներ Առաջարկեցինք»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Զինուորական որեւէ հակամարտութիւն միշտ պէտք է բանակցութեան սեղանի վրայ աւարտի»` աւելցնելով. «Ատոր է, որ իրանեան-իսրայէլեան-ամերիկեան պատերազմին բոլոր կողմերը կը ձգտին»: Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան ճակատին, Եգիպտոսի դեսպանը հաւանական նկատեց, որ «Իսրայէլ կրնայ հիմա Լիբանանի մէջ պատերազմը դադրեցնել չուզէ` Նեթանիահուի կողմէ ներքին ընտրութիւններուն … Read more

Պըրրի. «Պահանջուածը Դիւանագիտական Արտակարգ Ջանք, Պատերազմը Դադրեցնելու Մեքանիզմ Եւ Նոյեմբեր 2024-ի Համաձայնութեան Ամբողջական Գործադրութիւնն Է. Վերջակէտ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմէն մէկ ամիս ետք իր նախատեսութեան վերաբերեալ հարցումի մը, յայտնեց. «Ոեւէ մէկը կրնա՞յ կանխատեսել կամ նախատեսել, թէ իսրայէլեան կառավարութեան եւ պատերազմական խորհուրդին միտքին մէջ ի՛նչ կայ: Այնտեղ միայն սպաննել եւ քանդել շարունակելը կայ, հակասելով միջազգային մարդասիրական օրէնքի բոլոր կանոններուն` կոտրելու համար լիբանանցիներուն … Read more

Շէյխ Քասեմին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Խամենէի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Դիմադրութեան Աջակցիլ»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմին յղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց. «Իսլամական Դիմադրութեան պատմութիւնը լեցուն է պայքարով, քաջութեամբ եւ զոհաբերութիւններով. Դիմադրութեան ղեկավարները իրենց կեանքերը զոհեցին որեւէ սպառնալիքէ առանց վախի ժողովուրդը պաշտպանելու սիրոյն»: Խամենէի խօսքը շէյխ Քասեմին ուղղելով նշեց, որ ան այսօր շարժումը կը ղեկավարէ Դիմադրութեան պատմութեան մէջ … Read more