Երէկ վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ ու մեծաթիւ նախարարներու մասնակցութեամբ գումարուած նախարարական ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան երկրին ընդհանուր կացութիւնը, զինուորական ու ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու կարիքներու բաւարարման հարցը եւ այդ առնչութեամբ կառավարութեան որդեգրած քայլերը:
Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովէն ետք յայտարարեց, թէ վարչապետը ժողովի մասնակիցներուն ներկայացուցած է հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական ու ապահովական ներկայութիւնը, եւ մատակարարումներ կատարելու ու անհրաժեշտ ծառայութիւններ մատուցելու համար բռնագրաւուած կամ պաշարուած շրջաններուն հետ կապը կանգուն պահելը, ինչպէս նաեւ այդ կարիքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը երաշխաւորելու համար միջազգային աջակցութիւն ապահովելու կարելիութիւնները:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու անդամները կը մնան առաջնագիծի կանգուն գիւղերուն մէջ:
Պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա իր կարգին ներկայացուց գետնի վրայ զարգացումները եւ պաշարուելէ խուսափելու համար լիբանանեան բանակի վերադիրքաւորումը: