Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի գիշեր ժամը 9:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 3:00-ին) ժողովուրդին պիտի յղէ ուղերձ մը` ներկայացնելու համար «Իրանի վերաբերեալ կարեւոր թարմացում մը»:
Թրամփ այդ ուղերձէն ժամեր առաջ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ «շատ շուտով», «երկու կամ երեք շաբաթէն» պիտի հեռանան Իրանէն, անկախ այն իրողութենէն, թէ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է կամ ոչ` աւելցնելով, որ Թեհրանի կողմէ փակուած Հորմուզի նեղուցը այլեւս իր խնդիրը չէ:
«Այն, ինչ որ պէտք է ընեմ, Իրանէն հեռանալն է, եւ ատիկա շատ շուտով պիտի ընեմ», յայտարարեց ան` նշելով, որ այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ «երկու կամ երեք շաբաթներու» ընթացքին:
«Մենք առաքելութիւնը կ՛աւարտենք, եւ կը կարծեմ, որ զայն պիտի ամբողջացնենք մօտաւորապէս երկու շաբաթէն կամ քանի մը աւելի օրէն», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ նաեւ շեշտեց, որ ամերիկեան գործողութիւններուն վերջ տալը կախեալ չէ Իրանի հետ համաձայնութեան գոյացումէն:
«Հետս համաձայնութիւն կնքելու պէտք չունին… երբ զգանք, թէ այլեւս կարող չեն հիւլէական զէնք պատրաստել, այդ ատեն պիտի հեռանանք: Համաձայնութիւն գոյացնենք կամ ոչ, ատիկա կարեւոր չէ», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Թրամփ դարձեալ պետութիւններուն կոչ ուղղեց քարիւղ ստանալու համար անձամբ Հորմուզի նեղուց երթալու:
«Նեղուցին մէջ տեղի ունենալիքին հետ որեւէ կապ պիտի չունենանք, որովհետեւ այդ պետութիւնները, Չինաստանը, այդտեղ պիտի երթան եւ իրենց գեղեցիկ նաւերը վառելանիւթով լեցնեն եւ իրենց հարցերը դասաւորեն: Պատճառ մը չկայ, որ միջամտենք», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի մէջ իրենց զինուորական բոլոր նպատակներուն իրագործման կը մօտենան` նշելով, որ պատերազմին աւարտը «այսօր կամ վաղը չէ», սակայն «շատ մօտ է»:
Ռուպիօ նաեւ նշեց, թէ 60 առ հարիւրով հարստացուած իւրանիոմը քաղաքային կամ բժշկական որեւէ նպատակի չի ծառայեր, եւ անոր միակ նպատակը հիւլէական ռումբ արտադրելն է:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ որոշ փուլի Իրանի հետ դէմ առ դէմ ժողով գումարելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի, սակայն միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ իր երկիրը պատրաստ պիտի մնայ երկխօսութիւն կատարելու, սակայն «աչք պիտի չփակէ»:
Ան շեշտեց, որ Թեհրան «պիտի չկարենայ Թրամփի վարչակազմը շահագործել», եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը «բանակցութիւններու հետ խաղալու փորձերէն պիտի չխաբուի»:
Ռուպիօ ըսաւ, որ Իրան ներկայիս 25 տարիէ ի վեր իր զինուորական ու քաղաքական ամէնէն տկար վիճակին մէջ է` աւելցնելով, որ Թեհրան բարձր համեմատութեամբ հարստացուած իւրանիոմի իր պահեստները բարեկամ պետութիւններու յանձնելու առաջարկներ մերժած է:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ իր երկիրը Իրանի դէմ պատերազմէն ետք վերատեսութեան պիտի ենթարկէ ՕԹԱՆ-ի հետ իր յարաբերութիւնները:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իսրայէլացի պաշտօնատարներ պատերազմը աւարտելու կամ մագլցումի դիմելու վերաբերեալ Թրամփի հակասական յայտարարութիւնները յառաջ ընթանալու ձեւին շուրջ անոր տատամսումին արտացոլացումը կը նկատեն»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը գրէ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը պատրաստուին Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց այլ դաշնակիցներուն Հորմուզի նեղուցի բռնի ուժով բացման օգնելու»:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին համաձայն, «(Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին) Նեթանիահու կը գիտակցի, թէ Թրամփ (պատերազմի) աւարտին կը մօտենայ»:
Օրաթերթը կ՛աւելցնէ. «Իսրայէլ Թրամփի վրայ ճնշում կը բանեցնէ բանակցութիւններու ձեռնարկելէ առաջ Իրանի դէմ ցամաքային կարճ եւ ուժեղ գործողութիւն մը կատարելու»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին. «Նեթանիահու ժողովներու ընթացքին պատերազմի աւարտի ժամկէտ կամ ձեւ չճշդեց»:
Իրանի Խորհրդարանի Փոխնախագահ. «Գերագոյն Հոգեւոր Պետը Բանակցելու Արտօնութիւն Չտուաւ»
Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահը յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցը պիտի չբացուի, եւ հերքեց, թէ որեւէ բանակցութիւն տեղի կ՛ունենայ կամ ներկայ փուլին բանակցելու որեւէ մտադրութիւն գոյութիւն ունի:
Ան շեշտեց, որ «թշնամիին» խորհրդարանի նախագահին հետ բանակցելու վերաբերեալ յայտարարութիւնները անհիմն են, եւ սադրանք յառաջացնելու փորձերու ծիրին մէջ:
Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահը շեշտեց, թէ խաղաղութեան ու պատերազմի եւ բանակցութեան որոշումները բացառապէս գերագոյն հոգեւոր պետին կը պատկանին, եւ ան բանակցութեան ձեռնարկելու որեւէ արտօնութիւն չէ տուած:
Ճափոնի Վարչապետ. «Ֆրանսայի Հետ Սերտ Կերպով Պիտի Աշխատինք Հորմուզի Նեղուցի Բացման Համար»
Ճափոնի վարչապետ Սանայ Թաքայիչի երէկ յայտնեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ համաձայնեցայ Հորմուզի նեղուցի բացման համար սերտ գործակցութեան շուրջ»:
Նշենք, որ Թաքայիչի Թոքիոյի մէջ հանդիպում ունեցաւ Մաքրոնի հետ` ապահովական ու ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ գործակցութեան շուրջ բանակցութիւններու համար:
Տնտեսական Հետեւանքներ
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իրանեան հրթիռներ Պահրէյնի մէջ հարուածած են «Պաթելքօ» մեծագոյն հաղորդակցութեան ընկերութեան կեդրոնատեղին, ուր կը գտնուին նաեւ ամերիկեան «Ամազոն» ընկերութեան ծառայութիւնները:
Սպիտակ տան մօտիկ եղող լաւատեղեակ աղբիւրներ ամերիկեան «Փոլիթիքօ» կայքին յայտնած են, թէ Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարներն ու վարչակազմի պաշտօնատարները քննարկած են այն կարելիութիւնը, որ քարիւղի գինը կրնայ մրցանշային մակարդակով բարձրանալ եւ կրնայ հասնիլ տակառը 150 տոլարի կամ աւելիի:
Ըստ կայքին, անոնք կ՛ուսումնասիրեն գիներու բարձրացման տնտեսական հետեւանքները, եւ ուժանիւթի գինի բարձրացումը վերահսկողութեան տակ առնելու կերպին շուրջ ներքին աշխուժ քննարկումներու խորապատկերին տակ մէջ աշխատանք կը տանին զայն նուազեցնելու ընտրանքներու վրայ, որոնց շարքին է արտակարգ յաւելեալ լիազօրութիւններու օգտագործումը:
«Փոլիթիքօ» նշեց, որ գիներու բարձրացման ամբողջական ազդեցութիւնը տակաւին չսկսաւ երեւան գալ, որովհետեւ քարիւղի քանակները, որոնք պատերազմի սկիզբը դէպի շուկաներ ճամբայ ելած էին, իրողապէս իրենց վայրը հասան, եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումի արգելակման շարունակումով մատակարարումներուն մէջ սկսաւ բաց մը երեւան գալ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի Իրանի դէմ պատերազմին երկու կամ երեք շաբթուան ընթացքին վերջ տալու յայտարարութիւններէն ետք գոյացած յոյսերէն մղուած «Պրենթ» քարիւղի տակառը երէկ 100 տոլարի շեմէն վար իջաւ եւ 5 առ հարիւրով նուազելով հասաւ 98,77 տոլարի, իսկ ամերիկեան գլխաւոր քարիւղի տակառին գինը նուազեցաւ 97,28 տոլարի:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ երէկ տոլարին արժէքը իրերայաջորդ երկրորդ օրն ըլլալով նուազած է` Միջին Արեւելքի մէջ զինադադարի հաստատման նախատեսութեան աճի լոյսին տակ:
Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գործադիր տնօրէն Ֆաթեհ Պիրոլ երէկ յայտարարեց. «Միջին Արեւելքէն քարիւղի մատակարարումներու խափանումը ապրիլին պիտի վատթարանայ եւ Հորմուզի նեղուցի փակման հետեւանքով մատակարարումներու նահանջով պիտի ազդէ Եւրոպայի վրայ»: