Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմին յղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց. «Իսլամական Դիմադրութեան պատմութիւնը լեցուն է պայքարով, քաջութեամբ եւ զոհաբերութիւններով. Դիմադրութեան ղեկավարները իրենց կեանքերը զոհեցին որեւէ սպառնալիքէ առանց վախի ժողովուրդը պաշտպանելու սիրոյն»:
Խամենէի խօսքը շէյխ Քասեմին ուղղելով նշեց, որ ան այսօր շարժումը կը ղեկավարէ Դիմադրութեան պատմութեան մէջ կարեւոր պահուն` վստահութիւն յայտնելով անոր խորամանկութեան, իմաստութեան եւ քաջութեան նկատմամբ` «խափանելու եւ ջախջախելու սիոնական թշնամիի ծրագիրները, ինչպէս նաեւ վերականգնելու լիբանանցի ժողովուրդին հպարտութիւնն ու երջանկութիւնը»:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը իր նամակը եզրափակեց յայտնելով, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը հաստատօրէն կ՛ընթանայ անոր հիմնադիր իմամ Խումէյնիի եւ Ալի Խամենէիի քայլերով եւ «կը շարունակէ Դիմադրութեան աջակցիլ ընդդէմ թշնամիի` Իսրայէլի եւ Ամերիկայի»: