Մուսա. «Կռիւի Հանդարտելէն Ետք, Ուսումնասիրման Համար Գաղափարներ Առաջարկեցինք»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Զինուորական որեւէ հակամարտութիւն միշտ պէտք է բանակցութեան սեղանի վրայ աւարտի»` աւելցնելով. «Ատոր է, որ իրանեան-իսրայէլեան-ամերիկեան պատերազմին բոլոր կողմերը կը ձգտին»:

Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան ճակատին, Եգիպտոսի դեսպանը հաւանական նկատեց, որ «Իսրայէլ կրնայ հիմա Լիբանանի մէջ պատերազմը դադրեցնել չուզէ` Նեթանիահուի կողմէ ներքին ընտրութիւններուն իբրեւ վառելանիւթ օգտագործելու համար»:

«Կայ ներքին ուղի, իրանեան շրջանային ուղի եւ միջազգային ուղի` ինչ կը վերաբերի այն երաշխիքներուն, որոնց Լիբանանը պէտք ունի իրական յառաջընթաց արձանագրելու համար թղթածրարներուն մէջ, մասնաւորաբար զէնքի բռնագրաւման հարցին մէջ», նշեց Մուսա:

«Կայ խումբ մը, որ Լիբանանի դատը Իսրայէլը դիմակայելը կը նկատէ, եւ այլ խումբ մը, որ կը կարծէ, թէ Լիբանանը զինաթափման արանքին կը պատկանի, սակայն հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ պետութիւնը ինչպէս կառուցելը, եւ նախագահ Աունի բանակցութիւններու նախաձեռնութիւնը ճիշդ ուղղութեամբ քայլ է», ըսաւ դիւանագէտը:

«Եգիպտոս կողմերուն ներկայացուց գաղափարներ` ճակատամարտի հանդարտելէն ետք զանոնք ուսումնասիրելու համար, որովհետեւ հիմա ամէնէն բարձրը զէնքին ձայնն է, եւ որեւէ կողմ որեւէ գաղափար չ՛ուզեր լսել», նշեց Եգիպտոսի դեսպանը:

 

Leave a Comment