Պըրրի. «Պահանջուածը Դիւանագիտական Արտակարգ Ջանք, Պատերազմը Դադրեցնելու Մեքանիզմ Եւ Նոյեմբեր 2024-ի Համաձայնութեան Ամբողջական Գործադրութիւնն Է. Վերջակէտ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմէն մէկ ամիս ետք իր նախատեսութեան վերաբերեալ հարցումի մը, յայտնեց. «Ոեւէ մէկը կրնա՞յ կանխատեսել կամ նախատեսել, թէ իսրայէլեան կառավարութեան եւ պատերազմական խորհուրդին միտքին մէջ ի՛նչ կայ: Այնտեղ միայն սպաննել եւ քանդել շարունակելը կայ, հակասելով միջազգային մարդասիրական օրէնքի բոլոր կանոններուն` կոտրելու համար լիբանանցիներուն կամքն ու զանոնք իրենց հողերուն կառչելու եւ անոնց բռնագրաւումը արգիլելէն ետ մղելու նպատակով»:

«Առաջին հերթին, երկրորդ հերթին եւ մինչեւ վերջին շունչ պէտք է աշխատանք տանիլ քաղաքացիական խաղաղութիւնն ու ազգային միասնութիւնը ամրապնդելու: Այո՛, ազգային միասնութեան, եւ քաղաքական ու կրօնական հռետորաբանութեան մաքրումին այն ամէն ինչէն, որ կրնայ դռներ բանալ ներքին բախումներու համար, որոնցմէ միայն իսրայէլացի թշնամին կ՛օգտուի:

«Մենք պէտք է գիտակցինք, թէ իսրայէլեան յարձակումին թիրախը համայնք մը չէ, այլ Լիբանանը, անոր դիրքն ու դերակատարութիւնը: Միասնութիւնը յարձակումին տեւողութիւնը կրճատելու եւ բռնագրաւումը արգիլելու հիմնական ազդակ է», նշեց ան:

Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի յայտարարեց. «Պահանջուածը միջազգային ընտանիքին ուղղութեամբ դիւանագիտական արտակարգ ջանք է` վերակենդանացնելու համար Մեքանիզմի յանձնախումբը` իբրեւ պատերազմը դադրեցնելու գործիքակազմ, եւ նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութիւնը ամբողջական կերպով գործադրել: Վերջակէտ»:

 

Leave a Comment