Ժընահի Եւ Խալտէի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին Արեւմտեան Պեքայի Սըհմոր գիւղին վրայ գործեց 4 յարձակումներ, որոնց հետեւանքով արձանագրուեցան 4 զոհեր եւ 7 վիրաւորներ:

Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, թէ գիշերուան ընթացքին Պէյրութի մէջ գործած է երկու յարձակումներ (Ժընահ եւ Խալտէ, «Ա.»), որոնք թիրախաւորած են «Հըզպալլայէն ականաւոր ղեկավար մը եւ այլ ականաւոր ղեկավար մը»:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Ժընահ շրջանին վրայ գիշերանց իսրայէլեան օդային յարձակումին հետեւանքով, նախնական տուեալներով, շուրջ 10 զոհ արձանագրուած է:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ կէսօրին պնդեց. «Ծովուժը երէկ Պէյրութի վրայ յարձակում գործեց եւ սպաննեց Հըզպալլայի մէջ հարաւի ճակատի հրամանատար Եուսեֆ Իսմայիլ Հաշեմը»:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ հաղորդեց, որ գիշերանց հարաւային Լիբանանի մէջ գործող իր ուժերուն աջակցող անօդաչու թռչող սարքի մը դէմ արձակուած է հակաօդային հրթիռ մը, որուն հետեւանքով սարքը վնասուած ու ջախջախուած է:

Իսրայէլ երէկ օդային յարձակումներ գործեց Մարուանիէի, Հումին Թահթայի եւ Պնոֆուլի միջեւ շրջանին, Տէյր Քիֆա եւ Սրիֆա գիւղերուն, Սուր գաւառի Ժիպալ Պութմ գիւղին եւ Արեւմտեան Պեքայի Մաշղարա գիւղին վրայ:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց. «Երէկ Իրանի մէջ Մահալաթ շրջանին մէջ օդային յարձակումով սպաննեցինք «Քուտս» զօրամասի «Լիբանան» միաւորի ճարտարապետութեան բաժանմունքի պետ Մահտի Ուաֆաըին:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են. «Իրանի դէմ ներկայ պատերազմը հազիւ աւարտի, Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի վրայ յարձակումը մագլցում պիտի արձանագրէ»:

Իսրայէլեան «Այ.24 ՆԻՈՒԶ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Հիւսիսի բնակիչներուն մօտ գոյութիւն ունի այն համոզումը, թէ Հըզպալլայի հետ զինուորական կատարեալ լուծում գոյութիւն չունի, եւ զինուորական ընտրանքը բնակչութեան անվտանգութիւնը չ՛երաշխաւորեր»:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտնեց. «Պիտի շարունակենք Հըզպալլան մեր սահմաններէն հեռացնել, եւ գործողութիւնները պիտի շարունակուին այնքան ատեն որ անհրաժեշտ են»:

«Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ կը կռուինք ապահովական աւելի լաւ իրավիճակ ստեղծելու համար», նշեց ան:

Իսրայէլեան բանակը երէկ հաղորդեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ մարտերու ընթացքին իր սպաներէն եւ զինուորներէն 48-ն վիրաւորուած է, այդպիսով հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր վիրաւորուած սպաներու եւ զինուորներու թիւը բարձրացած է 309-ի, որոնցմէ 23-ին վիճակը վտանգաւոր է:

Մինչ այդ, Հըզպալլա յայտարարեց, թէ երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին հրթիռակոծած է Միսքաֆ Ամ դիրքին վրայ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորներն ու մեքենաները, ժամը 10:45-ին հրթիռակոծած է Քանթարա գիւղին մէջ իսրայէլացի զինուորներու եւ մեքենաներու հաւաքավայրը, իսկ ժամը 10:55-ին` անօդաչու թռչող սարքով ուղղակի հարուած հասցուցած է Տէյր Սըրիան գիւղին մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորներու: Ժամը 11:00-ին Հըզպալլան հրթիռակոծած է Ըտէյսէ գիւղի Ուէյտա բլուրին վրայ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները:

Աղբիւրներ «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած են, որ Հըզպալլայէն բջիջներ տակաւին ներկայ են հարաւային Լիբանանի այն շրջաններուն մէջ, որոնք իսրայէլեան բանակի վերահսկողութեան տակ կը գտնուին:

Աղբիւրները նաեւ նշած են, որ իսրայէլեան բանակի դէպի Լիթանի գետ յառաջխաղացքը տակաւին մասնակի է:

Leave a Comment