«Պունտեսլիկա». Պայերն Միւնիխ «Պատժեց» Լայփցիկը (1-5)

«Պունտեսլիկա»-ն այս տարեշրջանին սկսած էր 22 օգոստոսին, եւ բացման մրցումին Պայերն Միւնիխ 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Ռետ Պուլ Լայփցիկը: Շաբաթ գիշեր «Պունտեսլիկա»-ի դարձի առաջին մրցումին նոյն խումբերը մրցեցան Լայփցիկի «Ռետ Պուլ Արսենալ»-ին մէջ: Մրցումի սկիզբէն յստակ էր, որ Լայփցիկ աւելի կազմակերպուած ֆութպոլ կը խաղար եւ առիթներ կը ստեղծէր մինչեւ 20-րդ վայրկեան, երբ պրազիլցի … Read more

«Սերի Ա.» Ինթեր Յաղթեց, Եուվէ Պարտուեցաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ինթեր Միլան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Ուտինեզէի դաշտին վրայ, երթին իր անակնկալ պարտութեան վրէժ լուծելով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց արժանթինցի Լաութարօ Մարթինես, 20-րդ վայրկեանին: Եուվենթուս, որ ախոյեան Նափոլիի դէմ պարտուելէ ետք (2-1) անցեալ 7 դեկտեմբերին, 7 մրցումներէ անյաղթ կը մնար, անակնկալ պարտութիւն մը կրեց 16-րդ դիրքը գրաւող Քալիարիէն: Հակառակ … Read more

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըրի Տերպին Յաղթեց Եունայթըտի. Արսենալ Կոլ Չկրցաւ Նշանակել

Շաբաթավերջին Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ Մայքըլ Քարիքի հետ իր առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Փեփ Կուարտիոլայի Մանչեսթըր Սիթին` արձանագրելով իր առաջին յաղթանակը 2024-ի դեկտեմբերէն ի վեր Մանչեսթըրի տերպիի մրցումին: Փեփ սովորական իր մրցումը կը կիրարկէր` գնդակին տիրապետելով, մինչ Եունայթըտ արագ հակայարձակումներու վստահած էր բնականաբար: Ափրիկէի Ազգերու ախոյեանութիւնը աւարտելէ ետք, վերադարձած … Read more

«Լիկ 1». Լանս Անակնկալի Դիրքէն Բարձրացաւ Թեկնածուի Դիրք

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւած անակնկալ խումբը` Լանս, ըստ երեւոյթին անակնկալ  կոչումէն դարձած է լուրջ թեկնածու: Ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին 2-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք Մեձէն 29 հոկտեմբերին, Լանս իր 10-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց բաժակի թէ ախոյեանութեան գծով, եւ 1 կէտի առաւելութիւնը կը պահէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2025-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի վրայ: Խումբին նախագահն … Read more

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այսօր ժամը 14:15-ին, Անսար գիւղի «Իմամ Մուսա Սատըր» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լիբանանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր 6-րդ մրցումը պիտի կատարէ Ահլի Սայտայի դէմ: Շատ կարեւոր մրցում մըն է այս, եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոցմէ կը սպասուի տալ լաւագոյնը` նոր մարզիչ Էնտրա Օքլիի հետ, որ քանի մը օր առաջ միացած էր ՀՄԸՄ Պուրճ … Read more

Ֆութսալ. Հայաստան – Լիբանան` 8-3 – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը իր վերջին փորձ մրցումը կատարեց, եւ 8-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը: Ուսումնամարզական հաւաքի իր վերջին պատրաստութիւններուն գծով Ռուբէն Նազարէթեանի մարզած խումբը, որ հայկական խմբային մարզախաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր միջազգային կարեւոր մրցաշարքի` 2026-ի Եուրոյին (Եւրոպայի ախոյեանութեան) գերազանցեց Լիբանանի ազգային խումբը: Հայաստանի հաւաքականէն հեթ-թրիք իրագործեց Տենիս … Read more

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Անդրանիկէն` 89-97 Արդիւնքով

Երէկ, Մըզհերի մէջ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը չկրցաւ պարտութեան մատնել Անդրանիկը եւ 89-97 արդիւնքով պարտուեցաւ: Մրցումին սկիզբէն երկու խումբերն ալ հեռուէն կէտեր նշանակելու կ՛աշխատէին, եւ Անդրանիկ սկիզբէն շատ աւելի լաւ էր, քան ՀՄԸՄ-ը, որմէ կը բացակայէր Ահմետ Իպրահիմ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Անդրանիկ 20-23 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին մասին, ուր շատ դիւրին կողովներ չկրցաւ նշանակել ՀՄԸՄ: Բ. … Read more

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը հաստատ քայլերով կը շարունակէ ախոյեանութիւնը եւ իր 2-րդ մրցումին հանգիստ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց 89-59 արդիւնքով` Էն. Էս. Էյ.-ի դաշտին վրայ: Մրցումը սկսաւ բաւական պաղ մթնոլորտի մէջ: Էն. Էս. Էյ. կրցաւ մրցումը լաւ սկսիլ եւ պահ մը 5 կէտի առաւելութիւն ունենալ (7-2), բայց երբ Անթիլիասի աղջիկները տաքցան, Էն. Էս. Էյ. … Read more

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Այսօր ժամը 16:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Անդրանիկը` «հայկական տերպի»-ի մրցումին: Տղոց պասքեթպոլի 13-րդ հանգրուանի (դարձի երկրորդ) մրցումին, ՀՄԸՄ պիտի փորձէ ինքզինք վերագտնել եւ վերադառնալ յաղթանակներու շարքին: Երթին, 62-71 արդիւնքով յաղթած ՀՄԸՄ պէտք է իր լաւագոյնը տայ, մանաւանդ որ Անդրանիկ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ … Read more

Ուասլ. Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին

Չորեքշաբթի գիշեր Ղազիրի «Անթուան Շուէյրի» դաշտին վրայ Սաժես կրցաւ պարտութեան մատնել Ռիատին` Ուասլի մրցաշարքի մրցումներու ծիրին մէջ: Սաժես 105-91 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատին` արձանագրելով այս մրցաշարքի իր 2-րդ յաղթանակը 5 մրցումներու ընթացքին: Ռիատի իր 2-րդ պարտութիւնը կրեց 4 յաղթանակներու կողքին` մնալով առաջին դիրքի վրայ, մինչ Սաժես մնաց 4-րդ դիրքի վրայ: Ռիատի վերջին անգամ անցեալ տարեշրջանի … Read more