Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ինթեր Միլան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Ուտինեզէի դաշտին վրայ, երթին իր անակնկալ պարտութեան վրէժ լուծելով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց արժանթինցի Լաութարօ Մարթինես, 20-րդ վայրկեանին:
Եուվենթուս, որ ախոյեան Նափոլիի դէմ պարտուելէ ետք (2-1) անցեալ 7 դեկտեմբերին, 7 մրցումներէ անյաղթ կը մնար, անակնկալ պարտութիւն մը կրեց 16-րդ դիրքը գրաւող Քալիարիէն:
Հակառակ մեծ թիւով առիթներ ստեղծելուն, Եուվենթուս չկրցաւ կոլ նշանակել Քալիարիի բերդին մէջ: Քալիարի առաջին կիսախաղին չկրցաւ որեւէ հարուած հասցնել կամ վտանգ ստեղծել Եուվէի բերդին ուղղութեամբ: Բ. կիսախաղին 1 առիթ, եւ Քալիարի ազատ հարուածէ մը ետք կրցաւ նշանակել Լուքա Մացիթելլիի շնորհիւ:
Ախոյեան Նափոլի 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սասուլոն, շնորհիւ սլովաքիացի միջնապահ Սթանիսլաւ Լոպոթքայի կոլին: