«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Սիթի Անակնկալ Պարտութիւններ Կրեցին

Անցեալ տարուան «Եու.Է.Էֆ.Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր» Փարիզ Սեն Ժերմեն երեքշաբթի գիշեր Լիզպոնի մէջ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց Սփորթինկ Լիզպոնէն, արդիւնք մը, որուն պատճառով Փարիզի կազմը վտանգեց իր դիրքը ուղղակիօրէն հասնելու 1/8-րդ հանգրուան: Օրուան հերոսն էր քոլոմպիացի յառաջապահ Լուիս Սուարես, որ նշանակեց Սփորթինկի երկու կոլերը 74-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն: Վրացի Քվիչա Քվարացխելիս 79-րդ վայրկեանին նշանակած … Read more

Կերի Չիւիչեան Պիտի Պատուուի – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

7 ապրիլին ամերիկահայ արհեստավարժ պասքեթպոլիստ Կերի Չիւիչեան պիտի պատուուի Լոս Անճելըս Քլիփըրզի «Ինթուիթ Տոմ» մարզադաշտին վրայ, «Հայկական ժառանգութեան երեկոյ»-ի ընթացքին, 20 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան եւ ուղղակիօրէն ազգային պատկերասփիւռի կայանէն: Չիւիչեանը պատուելու հանդէսը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մեւրիքս մրցումէն առաջ, ուր պիտի նշուին անոր իրագործումները, իբրեւ առաջին հայը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան … Read more

Ըմբշամարտ. Թեւանեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

Հայ ազատ ոճի ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող 2026-ի «Փրօ Ռեսլինկ լիկ»-ի մրցումներու գծով կարեւոր մրցում մը ունէր Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր (65 քկ կշիռի) Ալի Ռահիմզատէի (Ազրպէյճան) դէմ, որ մաս կը կազմէ «Թայկըրզ օֆ Մոմպէյ Տանկալզ» խումբին: Թեւանեան 5-2 արդիւնքով յաղթեց: Գօտեմարտի արդիւնքը վերջին երկվայրկեաններուն վճռուեցաւ: 1-1 արդիւնքով հաւասարութեան ժամանակ, Թեւանեան կէտ մը … Read more

«Էն. Պի. Էյ.» Անթեթոքումփօ Կը Փայլի

Պասքեթպոլի յոյն հսկայ Եաննիս Անթեթոքումփօ երէկ իր խումբը` Միլուոքի Պաքսը առաջնորդեց յաղթանակի մը` Աթլանթա Հոքսի դէմ (112-110) այս վերջին դաշտին վրայ: Եաննիս, որ 21 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, ընտրուած էր Արեւելեան շրջանի «Օլ Սթար»-ի թիւ 1 մարզիկը` յաջորդաբար 12-րդ եղանակը ըլլալով: Արեւմտեան շրջանի թիւ 1 մարզիկն էր Նիքոլա Եոքիչ (Տենվըր Նակեթց), որ իր … Read more

Ուղղակի իմ անձից ձերբազատում եմ մարդկանց. Գագիկ Սարգսյանը հրաժարական տվեց դահուկային սպորտի ֆեդերացիայի նախագահի պաշտոնից

20 Հունվարի, 2026 Գագիկ Սարգսյանը հայտարարել է, որ վայր է դնում Հայաստանի դահուկային սպորտի ֆեդերացիայի նախագահի լիազորությունները Ըստ նրա՝ նման որոշում կայացնելու պատճառները մի քանիսն են, ու դրանցից մեկն այն աշխատանքային մթնոլորտն է, որը պետք է լինի ՀՀ-ում դահուկային մարզաձևը զարգացնելու առումով։ «Տարիներ շարունակ մեր խնդրանքները, դիմումները լիազոր մարմնին, այս դեպքում ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարությանը, այդպես … Read more

Նշմար. Ճիշդ Պահը Եւ Ճիշդ Որոշումը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԿԱՐՕ Կ. Խմբային խաղերու մէջ կրնաս լաւ խումբեր ունենալ, բայց ժամանակաշրջան մը կրնայ գալ, երբ արդիւնքները կրնան ժխտական ըլլալ: Այդ պարագային պատասխանատու մարմինը, յանձնախումբը, վարչութիւնը բնականաբար օրուան մարզիչէն կը սպասեն բացատրութիւն, զեկուցում: Այդ բոլորէն ետք ճիշդ պահուն պատասխանատու այդ կառոյցը կրնայ որոշում տալ` փոխե՞լ, թէ՞ պահել մարզիչը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբին պարագային այդ եղաւ, … Read more

Սենեկալ Ափրիկէի Ախոյեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Կիրակի գիշեր Ռապաթի (Մարոք) մէջ տեղի ունեցաւ Ափրիկէի ազգերու ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին Սենեկալ անակնկալի բերաւ հիւրընկալ կազմը եւ յաղթեց անոր 1-0 արդիւնքով: Մրցումը շատ վիճելի պահեր ունեցաւ եւ բաւական երկարեցաւ: Առաջին կիսախաղին Սենեկալ աւելի վտանգներ ստեղծեց, բայց որեւէ խումբ չկրցաւ կոլ նշանակել: Բ. կիսախաղին Սենեկալ գնդակին վրայ շատ աւելի իշխեց, բայց Մարոք շատ … Read more

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Սփորթինկ Պքեննայա` 77-55

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը շաբաթ օր Մըզհերի մէջ կատարեց տարեշրջանի իր 3-րդ մրցումը եւ առանց մասնաւոր դժուարութեան պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Պքեննայան` 77-55 արդիւնքով: Յաջորդաբար իր 3-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ իր մրցակիցին առիթ չտուաւ 60 կէտերու հասնելու, եւ միեւնոյն ժամանակ յարձակումներուն վրայ իշխելով կրցաւ արձանագրել իր 3-րդ յաղթանակը: Առաջին մասին 20-16 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները … Read more

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլի Սայտային

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը աւելի եւս հետաքրքրական կը դառնայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի համար, մանաւանդ որ իր նոր մարզիչին հետ կրցաւ 4-1 արդիւնքով լայն յաղթանակով վերադառնալ Ահլի Սայտայի դէմ մրցումէն: Ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աւստրալիացի մարզիկը տարբեր կազմով դաշտ ներկայացած էր, ուր Տիգրան «Տիգօ» Վարդան աջ ծայրի պաշտպանի դիրքի վրայ խաղցաւ, մինչ Միկել … Read more

«Էն. Պի. Էյ.» Էտուըրտծ 55 Կէտ Նշանակեց, Բայց Մինեսոթա Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ երէկ Սան Անթոնիոյի մէջ (Թեքսաս) տեղւոյն Սփըրզ կրցաւ զսպել Անթոնի Էտուըրտծի Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը եւ յաղթել 126-123 արդիւնքով: Վիքթոր Ուեմպանեամա 39 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ շատ կարեւոր ռիպաունտ մը արձանագրեց վերջին վայրկեաններուն` զսպելով Էտուըրտծի հերոսական ելոյթը: Անթոնի Էտուըրտծ այս տարեշրջանի իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց` 55, ուր միայն … Read more