Չորեքշաբթի գիշեր Ղազիրի «Անթուան Շուէյրի» դաշտին վրայ Սաժես կրցաւ պարտութեան մատնել Ռիատին` Ուասլի մրցաշարքի մրցումներու ծիրին մէջ:
Սաժես 105-91 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատին` արձանագրելով այս մրցաշարքի իր 2-րդ յաղթանակը 5 մրցումներու ընթացքին:
Ռիատի իր 2-րդ պարտութիւնը կրեց 4 յաղթանակներու կողքին` մնալով առաջին դիրքի վրայ, մինչ Սաժես մնաց 4-րդ դիրքի վրայ:
Ռիատի վերջին անգամ անցեալ տարեշրջանի ախոյեանութեան աւարտականին մրցում մը պարտուած էր Սաժեսէն, այնուհետեւ Ռիատի յաղթած էր 3 ճակատումներ: