«Պունտեսլիկա». Պայերն Միւնիխ «Պատժեց» Լայփցիկը (1-5)

«Պունտեսլիկա»-ն այս տարեշրջանին սկսած էր 22 օգոստոսին, եւ բացման մրցումին Պայերն Միւնիխ 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Ռետ Պուլ Լայփցիկը:

Շաբաթ գիշեր «Պունտեսլիկա»-ի դարձի առաջին մրցումին նոյն խումբերը մրցեցան Լայփցիկի «Ռետ Պուլ Արսենալ»-ին մէջ:

Մրցումի սկիզբէն յստակ էր, որ Լայփցիկ աւելի կազմակերպուած ֆութպոլ կը խաղար եւ առիթներ կը ստեղծէր մինչեւ 20-րդ վայրկեան, երբ պրազիլցի Ռոմուլօ Քարտոսօ նշանակեց Լայփցիկի եւ մրցումի բացման կոլը` Տաւիտ Ռաումի փոխանցումէն ետք: Մինչ այդ, Պայերն մասնաւոր առիթ չունէր:

Բ. կիսախաղն ալ նոյն ձեւով սկսաւ, բայց նոր ապաքինած Եոշուա Քիմիչ «ստիպուած» փոխարինեց վիրաւորուած Լէոն Կորեցքան, որ կիսախաղէն քիչ առաջ ծանր հարուած մը ստացած էր կռունկէն քիչ մը վեր` պճեղի ոսկորէն:

50-րդ վայրկեանին Պաումկարթնըրի սխալէն լաւապէս օգտուեցաւ Սերժ-Կնապրի, որ նշանակեց Պայերնի հաւասարութեան կոլը:

7 վայրկեան ետք դաշտ ներկայացաւ ֆրանսացի Մայքըլ Օլիսէ, որ մրցումին իրավիճակը ամէն ձեւով փոխեց:

Հազիւ 10 վայրկեան խաղցած, անոր օդային փոխանցումէն օգտուեցաւ Հարրի Քէյն, որ նշանակեց 2-րդ կոլը: 83-րդ վայրկեանին Օլիսքի քոռնըրէն ետք Եոնաթան Թահ նշանակեց Պայերնի 3-րդ կոլը: 85-րդ վայրկեանին արագ հակայարձակում եւ Օլիսէ փոխանցեց Ալեքսանտր Փավլովիչին… Արդիւնք` 4-1: 87-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Ժամալ Մուսխալա, որ ակումբներու մոնտիալին ոտքը կոտրած էր Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ մրցումին` փոխարինելով Կնապրին:

88-րդ վայրկեանին, այս անգամ Օլիսէ նշանակեց Պայերնի 5-րդ կոլը` օգտուելով Մուսխալայի էսիսթէն, դաշտ մուտք գործելէն վայրկեան մը ետք:

Այս ձեւով, Պայերն Միւնիխ պահեց իր 11 կէտերու առաւելութիւնը Բ. դիրքը գրաւող Տորթմունտի վրայ, որ պէտք ունեցաւ 95-րդ վայրկեանին նշանակուած փենալթիի մը` յաղթելու Զանքթ Փաուլիի: Տորթմունտ 2-0 արդիւնքով յառաջացած էր մինչեւ 54-րդ վայրկեան, բայց Համպուրկի շրջանի խումբը կրցած էր 62-րդ եւ 72-րդ վայրկեաններուն 2 կոլ նշանակել:

Հոֆենհայմ գրաւեց 3-րդ դիրքը, 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պայեր Լեւերքուզընին: Վաութըր Պերխըր 9-րդ վայրկեանին նշանակեց Հոֆենհայմի եւ մրցումին միակ կոլը:

Leave a Comment