Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Այսօր ժամը 16:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Անդրանիկը` «հայկական տերպի»-ի մրցումին:

Տղոց պասքեթպոլի 13-րդ հանգրուանի (դարձի երկրորդ) մրցումին, ՀՄԸՄ պիտի փորձէ ինքզինք վերագտնել եւ վերադառնալ յաղթանակներու շարքին: Երթին, 62-71 արդիւնքով յաղթած ՀՄԸՄ պէտք է իր լաւագոյնը տայ, մանաւանդ որ Անդրանիկ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ 4 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած է իր նոր օտարին` Քրիսթիան Պրաունի հետ:

Արդէն իսկ Ճերեմայա Կեպրել եւ Մաժուր Մաժաք լաւ էին, եւ լաւ լիբանանցիներով ալ հարուստ երիտասարդ խումբը կրնայ դժուար մրցակից մը ըլլալ ՀՄԸՄ-ի համար:

Համակիրներէն կը սպասուի մեծ թիւերով ներկայ ըլլալ եւ քաջալերել խումբը:

Երէկ Պէյրութ 109-77 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մարիսթը: Վաղը Ռիատի պիտի հիւրընկալէ Պաթրունը, իսկ Սաժես` Հուփսը:

 

 

Leave a Comment