Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը հաստատ քայլերով կը շարունակէ ախոյեանութիւնը եւ իր 2-րդ մրցումին հանգիստ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց 89-59 արդիւնքով` Էն. Էս. Էյ.-ի դաշտին վրայ:

Մրցումը սկսաւ բաւական պաղ մթնոլորտի մէջ: Էն. Էս. Էյ. կրցաւ մրցումը լաւ սկսիլ եւ պահ մը 5 կէտի առաւելութիւն ունենալ (7-2), բայց երբ Անթիլիասի աղջիկները տաքցան, Էն. Էս. Էյ. չկրցաւ մրցիլ եւ ետ մնաց:

Առաջին մասին 27-21 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ Անթիլիաս կարեւորագոյն կէտին վրայ աշխատեցաւ` կազմակերպելով իր պաշտպանողականը եւ մնացեալ 3 մասերուն 38 կէտ ստացաւ միայն:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մեծ թիւով լաւ մարզիկներ ունի, իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց շնորհիւ Ռիմ Ղալիի (23 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) եւ Լատաժիա Ուիլիամսի, որ 21 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Անճել Պէյքըր 17 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց: Տանիելլա Ֆայյատ (15 կէտ), Փերշա Պու Նասր (10 կէտ, 6 ռիպաունտ, 6 էսիսթ, 5 սթիլ), Կապի Սաատ (3 կէտ եւ 5 էսիսթ), Մեղրի Թորոսեան (5 ռիպաունտ եւ 2 սթիլ), Անիելա Հաւանճեան, Ալիք Քեշիշեան եւ Էլիսա Ապու Ժաուտէ իրենց կարգին տպաւորիչ ելոյթ ունեցան:

Վաղը ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները, ժամը 20:30-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ պիտի մրցին Սփորթինկ Պքեննայա խումբին դէմ:

Սփորթինկ Պքեննայա մէկ մրցում կատարած է այս տարեշրջանին եւ Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ 10 կէտով ետ մնալէ ետք կրցած էր յաղթել Պէյրութին 66-55 արդիւնքով: Իֆի Օքորօ եւ Ամինաթա Լի կը նկատուին խումբին լաւագոյնները, մինչ լիբանանցիներ Սանտրա Պետտաուի, Սերենա Հաշեմ եւ Էլսի Ղնաթիոս բաւական լաւ մարզիկներ են:

 

 

Leave a Comment