6 Քաղաքական Ուժերու Միացեալ Յայտարարութիւն

Յունիսի 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ ընդդիմադիր վեց քաղաքական ուժեր երէկ հրապարակեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը. Հայաստանի Հանրապետութիւնում կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի են ունեցել այնպիսի պայմաններում, որոնք հիմնովին կասկածի տակ են դնում ընտրական գործընթացի ազատ, արդար եւ մրցակցային բնոյթը: Ներքոստորագրեալ քաղաքական ուժերս արձանագրում ենք, որ ընտրական ողջ գործընթացում` ներառեալ նախընտրական … Read more

Մոսկուա. «Ռուսիա Կ՛ողջունէ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը»

Ռուսիա կ՛ողջունէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտարարէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Ռուսիան եւ Թուրքիան շահագրգռուած են խաղաղ եւ կանխատեսելի Հարաւային Կովկասով, ինչ որ կարելի է ապահովել 3+3 շրջանային համագործակցութեան հարթակի ծիրին մէջ միացեալ ջանքերով»: Նախարարութենէն կը հաղորդեն, որ … Read more

Փաշինեան Կը Շնորհաւորէ Թրամփի Տարեդարձը

Հայաստանի Հանրապետութեան գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը շնորհաւորած է անոր տարեդարձին առիթով: «Բարի տարեդարձ մեծ ղեկավարի մը եւ սիրելի ընկերոջ մը` Տանըլտ Թրամփին: Ձեր ուժեղ առաջնորդութիւնն ու յանդուգն մտահորիզոնը կը շարունակեն Ամերիկան դարձեալ մեծ դարձնել: «Բարձր կը գնահատենք 8 օգոստոսի պատմական Խաղաղութեան վեհաժողովին մէջ ձեր դերը: «Անհամբեր կը սպասենք ձեր վարչակազմին … Read more

Քոփիրքին. «Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Մօտեցած Են Վերաիմաստաւորման Եւ Փոխուող Իրողութիւններուն Յարմարելու Փուլին»

Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները մօտեցած են վերաիմաստաւորման եւ փոխուող իրողութիւններուն յարմարելու փուլին: Այս մասին Ռուսիոյ օրուան նուիրուած ընդունելութեան ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին: Ան նշած է, որ Ռուսիան եւ Հայաստանը սերտ կապեր կը պահպանեն ղեկավարներու մնայուն հաղորդակցութիւններու, կառավարութիւններու, խորհրդարաններու աշխատանքի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ համատեղ համաձայնագիրներու միջոցով: «Ռուսական կողմը երբեք կասկածի տակ չէ … Read more

«Ուժեղ Հայաստան» Դաշինքը Կը Պահանջէ Անվաւեր Ճանչնալ Ընտրութիւններու Արդիւնքները

Սամուէլ Կարապետեանի ղեկավարած «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը պնդէ, որ իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը չէ յաղթած 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ընտրական ժամանակաշրջանին «իշխանութեան կողմէ օգտագործուած վարչական միջոցներու, քրէական հետապնդումներու, վախի մթնոլորտի ու ատելութեան խօսքի տարածման եւ ընտրութիւններու օրը տեղի ունեցած խախտումներու» հիմքով «Ուժեղ Հայաստան»-ը երէկ ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու պահանջով դիմում ներկայացուց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին: Դիմումը … Read more

«Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութիւնը Կը Մեղադրէ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Կուսակցութեան Խորհրդարան Մուտքը Կանխելու Համար

Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը մեղադրէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը քաղաքական պատուէր կատարելու եւ կուսակցութեան խորհրդարան մուտքը կանխելու համար: Կուսակցութիւնը կը պատրաստուի քաղաքական ու իրաւական քայլերու ձեռնարկել տեղի ունեցող ապօրինութիւնը թոյլ չտալու համար: «Վահագն Յովակիմեանի գլխաւորութեամբ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը անմռունչ կերպով կեանքի կոչեց Նիկոլ Փաշինեանի ցանկութիւնը, այն է` թոյլ չտալ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան յաղթահարել … Read more

Եւրոպական Խորհրդարանի Վեց Անդամներ Կ՛անդրադառնան Հայաստանի Ընտրութիւններուն

Եւրոպական խորհրդարանի վեց պատգամաւորներ 11 Յունիսին միացեալ յայտարարութեամբ մը ողջունեցին Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները` զանոնք գնահատելով իբրեւ պատշաճ կերպով կազմակերպուած եւ հայաստանցիներու ժողովրդավարական ընտրութիւնը արտացոլացնող: Բայց եւ այնպէս, անոնք անդրադարձան Ռուսիոյ միջամտութեան: «Ռուսիա անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ որեւէ յարգանք չունի ինքնիշխանութեան նկատմամբ այն երկիրներուն, զորս կը ձգտի ենթարկեցնել իր ազդեցութեան», նշած են անոնք` պնդելով, … Read more

Դատարանը Սէյրան Օհանեանը Բերման Ենթարկելու Որոշում Տուաւ

Հակափտածութեան դատարանի բանբերը երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Մարտի 1»-ի գործով մեղադրեալ, նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան չէ ներկայացած երէկուան դատական նիստին: Այդ պատճառով դատաւորը որոշում տուաւ զայն բերման ենթարկելու մասին:

«Ուժեղ Հայաստան» Դաշինքը Այսօր Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբէն Պիտի Պահանջէ Չեղեալ Յայտարարել Ընտրութեան Արդիւնքները

Նախնական արդիւնքներով ընտրութիւններուն ընթացքին «Քաղաքացիական պայմանագիր»-էն ետք ամէնէն շատ ձայները ստացած «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը պատրաստուի այսօր դիմել Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ` պահանջելու «չեղեալ յայտարարել ընտրութեան արդիւնքները եւ վերատեսութեան ենթարկել իշխող ուժի ձայները»: «Ուժեղ Հայաստան»-ի ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեան յայտնած է, որ եթէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբէն առարկայական պատասխան չստանան, պիտի դիմեն նաեւ Սահմանադրական դատարան: Սահմանադրական դատարան … Read more

Մարգարայի Անցակէտը Քանի Մը Օրով Պիտի Բացուի. Հայաստան Թուրքիոյ Ճամբով Մարդասիրական Օգնութիւն Պիտի Ուղարկէ Լիբանան

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր երէկուան նիստի ընթացքին որոշած է Թուրքիոյ տարածքով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել Լիբանան: Որոշումին համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա սահմանին վրայ գտնուող «Մարգարա» անցակէտը 12-22 յունիսին պիտի բացուի` մարդասիրական բեռներու տեղափոխման համար: Այս անցակէտը չի գործեր եւ գործող իրաւական կարգաւորումներով կարելի չէ նշեալ սահմանային անցակէտով անձերու, բեռներու եւ փոխադրամիջոցներու անցումը: Ինչպէս կը նշուի փաստաթուղթին մէջ, … Read more