Քոփիրքին. «Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Մօտեցած Են Վերաիմաստաւորման Եւ Փոխուող Իրողութիւններուն Յարմարելու Փուլին»

Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները մօտեցած են վերաիմաստաւորման եւ փոխուող իրողութիւններուն յարմարելու փուլին: Այս մասին Ռուսիոյ օրուան նուիրուած ընդունելութեան ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:

Ան նշած է, որ Ռուսիան եւ Հայաստանը սերտ կապեր կը պահպանեն ղեկավարներու մնայուն հաղորդակցութիւններու, կառավարութիւններու, խորհրդարաններու աշխատանքի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ համատեղ համաձայնագիրներու միջոցով:

«Ռուսական կողմը երբեք կասկածի տակ չէ դրած եւ չի դներ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան արտաքին քաղաքականութեան անվիճելի իրաւունքը: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Երեւանի այլ գործընկերներու հետ գործակցութիւնը պիտի չվնասէ մեր երկկողմանի կապերուն եւ Ռուսիոյ դէմ ուղղուած պիտի չըլլայ», ըսած է ան:

Դեսպանը նաեւ յիշեցուցած է միացեալ պատմական անցեալը, նախ եւ առաջ` Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ նացիականութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակը:

Քոփիրքին նաեւ յայտնած է, որ մինչեւ տարեվերջ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հոգեւոր մշակոյթի օրեր տեղի պիտի ունենան, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` Ռուսիոյ հոգեւոր մշակոյթի օրեր:

Leave a Comment