Նախնական արդիւնքներով ընտրութիւններուն ընթացքին «Քաղաքացիական պայմանագիր»-էն ետք ամէնէն շատ ձայները ստացած «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը պատրաստուի այսօր դիմել Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ` պահանջելու «չեղեալ յայտարարել ընտրութեան արդիւնքները եւ վերատեսութեան ենթարկել իշխող ուժի ձայները»:
«Ուժեղ Հայաստան»-ի ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեան յայտնած է, որ եթէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբէն առարկայական պատասխան չստանան, պիտի դիմեն նաեւ Սահմանադրական դատարան:
Սահմանադրական դատարան դիմելու մտադրութեան մասին աւելի կանուխ յայտնած էր նաեւ «Հայաստան» դաշինքը:
Նարեկ Կարապետեան պնդած է, որ ընտրութիւններուն կեղծիքներ եղած են, պետական աշխատողները եւ զինուորները ուղղորդած են քուէարկելու Փաշինեանի կուսակցութեան օգտին: