Փաշինեան Կը Շնորհաւորէ Թրամփի Տարեդարձը

Հայաստանի Հանրապետութեան գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը շնորհաւորած է անոր տարեդարձին առիթով:

«Բարի տարեդարձ մեծ ղեկավարի մը եւ սիրելի ընկերոջ մը` Տանըլտ Թրամփին: Ձեր ուժեղ առաջնորդութիւնն ու յանդուգն մտահորիզոնը կը շարունակեն Ամերիկան դարձեալ մեծ դարձնել:

«Բարձր կը գնահատենք 8 օգոստոսի պատմական Խաղաղութեան վեհաժողովին մէջ ձեր դերը:

«Անհամբեր կը սպասենք ձեր վարչակազմին հետ կնքելու աւելի շատ պատմական համաձայնագիրներ», գրած է ան:

Leave a Comment