Ռուսիա կ՛ողջունէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտարարէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Ռուսիան եւ Թուրքիան շահագրգռուած են խաղաղ եւ կանխատեսելի Հարաւային Կովկասով, ինչ որ կարելի է ապահովել 3+3 շրջանային համագործակցութեան հարթակի ծիրին մէջ միացեալ ջանքերով»:
Նախարարութենէն կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան 15-էն 17 յունիս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրով աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Մոսկուա` երկկողմանի եւ միջազգային հարցերու լայն շրջանակի շուրջ բանակցութիւններուն մասնակցելու համար: