Եւրոպական Խորհրդարանի Վեց Անդամներ Կ՛անդրադառնան Հայաստանի Ընտրութիւններուն

Եւրոպական խորհրդարանի վեց պատգամաւորներ 11 Յունիսին միացեալ յայտարարութեամբ մը ողջունեցին Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները` զանոնք գնահատելով իբրեւ պատշաճ կերպով կազմակերպուած եւ հայաստանցիներու ժողովրդավարական ընտրութիւնը արտացոլացնող: Բայց եւ այնպէս, անոնք անդրադարձան Ռուսիոյ միջամտութեան:

«Ռուսիա անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ որեւէ յարգանք չունի ինքնիշխանութեան նկատմամբ այն երկիրներուն, զորս կը ձգտի ենթարկեցնել իր ազդեցութեան», նշած են անոնք` պնդելով, որ Մոսկուա փորձած է ազդել հայ ընտրողներուն վրայ` սպառնալիքներու, առեւտրական սահմանափակումներու եւ ապատեղեկատուական արշաւներու միջոցով:

Պատգամաւորներուն համաձայն, այդ փորձերը հիմնականօրէն ձախողած են, իսկ Եւրոպական Միութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը օգնած է Հայաստանին դիմակայելու արտաքին ճնշումները եւ քաղաքացիներուն կարելիութիւն տուած է կատարելու ազատ ընտրութիւն:

Անոնք կոչ ուղղեցին յաւելեալ քայլերու ձեռնարկելու Հայաստանի դիմադրողականութիւնը ամրապնդելու համար, այդ քայլերուն կարգին են` աջակցիլ տնտեսութեան բազմազանեցման եւ ընդլայնել Եւրոպական Միութեան հետ առեւտրական կապերը: Պատգամաւորները նաեւ ընդգծեցին մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործընթացին մէջ արագ յառաջընթաց արձանագրելու եւ Եւրոպական Միութեան նոր Գործընկերութեան առաքելութեան շուտափոյթ տեղակայման կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով ընտրութիւններու արդիւնքներուն` եւրոպացի պատգամաւորները նշեցին, որ անոնք կը վկայեն Հայաստանի խաղաղութեան, շրջանային համագործակցութեան, կապերու ընդլայնման եւ Եւրոպական Միութեան հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններու ի նպաստ կատարուած ընտրութեան մասին:

Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին համագործակցելու Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովին եւ ապագայ կառավարութեան հետ` աջակցելու համար ժողովրդավարական եւ տնտեսական հետագայ զարգացման:

Յայտարարութեան աւարտին կոչ ուղղուած է շարունակելու քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը եւ ապահովելու հանրութեան աւելի լայն ներգրաւուածութիւնը յետընտրական գործընթացներուն մէջ` ընդգծելով ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ ժողովրդավարական կառավարման նկատմամբ հանրային վստահութեան բարձրացման կարեւորութիւնը:

 

Leave a Comment