Շէյխ Քասեմ Կոչ Կ՛ուղղէ Լայնածաւալ Պաշտօնական Ու Ժողովրդային Գործողութեան Եւ Միջազգային Ճնշումի

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ուղղուած պատգամի մը մէջ յայտնեց. «Դժբախտաբար, մեր լիբանանեան պետութիւնը անհրաժեշտ աշխատանք չի տանիր, ո՛չ ալ բարեկամ պետութիւններուն վրայ անհրաժեշտ ճնշումը կը բանեցնէ եւ այս թղթածրարը առաջնահերթ չի նկատեր»: «Պահանջուածը լայնածաւալ պաշտօնական ու ժողովրդային գործողութիւն մըն է, եւ միջազգային ճնշում` ազատ արձակելու իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող … Read more

Թրիփոլիի Մէջ Շէնք Մը Փուլ Եկաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Շաբաթ արշալոյսին Թրիփոլիի Քըպպէ շրջանին մէջ բնակելի շէնք մը փուլ եկաւ` պատճառելով 2 զոհ: Փրկարար խումբերը, անհրաժեշտ սարքերու սակաւութեան եւ դժուար պայմաններու մէջ անմիջապէս ուղղուեցան դէպքի վայր: Նշենք, որ փուլ եկած շէնքը մէկ օր առաջ դատարկուած էր` անոր վրայ բազմաթիւ ճեղքեր երեւան գալուն համար, սակայն Միր ընտանիքը, որ փլատակներուն տակ մնացած էր, մերժեց հեռանալ, այլընտրանքային … Read more

Հասան. «Ներկայ Քաղաքականութիւն Մը Միայն Յաւելեալ Զիջումներու Պիտի Առաջնորդէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան նշեց. «Իսրայէլացի թշնամին եւ ամերիկացին կ՛ուզեն, որ Լիբանան յարաբերութիւնները բնականոնացնէ եւ անձնատուր ըլլայ, եւ այդ ծրագիրին վերաբերեալ խօսակցութիւնը որոշ ժամանակ առաջ սկսած է»: «Երդման ճառէն ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն ի՞նչ իրագործեցիք: Երդման ճառին ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ հողի ազատագրում չկա՞յ: Յարձակումի դադրեցում չկա՞յ: Ի՞նչ իրագործեցինք, որպէսզի … Read more

Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Մաքրոն. «Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք` Պաշտպանելու Համար Անոր Գերիշխանութիւնը»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ Էլիզէի պալատին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը ընդունելէ ետք յայտնեց. «Ֆրանսան մեր բարեկամ երկրին` Լիբանանի կողքին կը կանգնի` պաշտպանելու համար անոր գերիշխանութիւնը, աջակցելու համար անոր զինեալ ուժերուն եւ անոր վերականգնումին անհրաժեշտ բարեկարգումներուն համընթաց ընթանալու համար»: «Փարիզի մէջ կը պատրաստենք լիբանանեան զինեալ ուժերուն աջակցելու խորհրդաժողով, որուն նպատակը ամրապնդելն է կարողութիւններն ու հիմնական … Read more

Սալամ. «Մօտ Օրէն Ռիատի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայնութիւններ Պիտի Կնքենք»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի հետ քննարկեցի Լիբանանի զարգացումները»: «Մօտ օրէն Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հետ համաձայնութիւններ պիտի կնքենք», յայտարարեց ան: Սալամ Տաւոսի մէջ ժողով գումարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ եւ զայն տեղեակ պահեց կառավարութեան բարեկարգչական աշխատանքներուն ու … Read more

Սալամ Հանդիպում Ունեցաւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Ընդհանուր Տնօրէնին Հետ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տաւոսի Միջազգային տնտեսական ֆորումի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ընդհանուր տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի եւ տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթի: Մեծապէս դրական եւ շինիչ քննարկումով հանդիպումի ընթացքին Սալամ ներկայացուց կառավարութեան ձեռնարկած բարեկարգչական աշխատանքները: Վարչապետը այս ծիրին մէջ նշեց, որ ելեւմտական բացի օրինագիծը կը հաստատէ հաշուետուութեան սկզբունքը … Read more

Շէյխ Քապալան Պետութիւնը Կ՛ամբաստանէ Հարաւը, Պեքան Ու Հարաւային Արուարձանները Լքելու Յանցանքով

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ամենայն անկեղծութեամբ, լիբանանեան պետութիւնը վերստին կը կատարէ իր պատմական դերակատարութիւնը` դիտաւորեալ, նպատակաւոր եւ բացայայտ կերպով Պեքան, Հարաւը եւ Հարաւային արուարձանները լքելով: «Կը ցաւինք ըսելու, որ կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն վերացնել կամ չէզոքացնել շիի համայնքը, եւ պետութիւնը խստօրէն կը մեղադրուի այս հարցին մէջ: … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց Սապունճեանն Ու Մըրը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանն ու Կապրիէլ Մըրը: Բարեկամական հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր: Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ ներկայացնելու նախարարութեան ծրագիրները եւ անցեալ տարուան ընթացքին կատարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ այն նախաձեռնութիւններն ու խորհրդաժողովները, զորս կը պատրաստէ այս տարուան համար:  

Արդարադատութիւնը Դէմ Կը Կանգնի Հանրապետութեան Նախագահը Վիրաւորելու Արշաւին

Արդարադատութիւնը սկսաւ հետապնդման ենթարկել Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը վիրաւորելու արշաւին մեղսակիցները, որոնք զինք կը քննադատեն զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն կառչելու համար: Նախագահը Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ նշած էր, որ լիբանանեան բանակը Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանը «մաքրեց» ապօրինի զէնքէն: Այդ եզրը զայրացուցած էր Հըզպալլայի համակիրները եւ նոյն գիշերը անոնցմէ հարիւրաւորներ Հարաւային … Read more

Պու Սաապ. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ներկայ ընտրական օրէնքը որակեց «կաղ, համայնքայնութիւնը ամրագրող, եւ գործնական գետնի վրայ ցոյց տուաւ, թէ բազմաթիւ բացեր կը բովանդակէ: Անոր բարեփոխումը կամ փոփոխութիւնը կ՛ենթադրէ ընտրութիւններու ժամկէտի ճշդում, եւ ատոր շուրջ պէտք է ներքին համախոհութիւն ըլլայ, բան մը, որ ապահովուած չէ»: «Գնդակը կառավարութեան դաշտն է, եւ ոչ թէ` խորհրդարանին, եւ անիկա պէտք … Read more