Հայտար. «Նախագահ Աունի Խօսքին Նկատմամբ Նկատողութիւններ Ունինք»

Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար դատապարտեց Իսրայէլի յարձակումները, որոնք կը կատարուին զէնքի պահեստանոցներ թիրախաւորելու պատրուակով, սակայն ետքը ի յայտ կու գայ, թէ անոնք անզէն քաղաքացիներու պատկանող վայրեր են: Ան այս մասին յայտնեց «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: «Ցաւօք, հարաւային Լիբանանի ժողովուրդը ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ նախապէս չզգաց, թէ պետութիւնը իրեն հետ է, եւ երբ կ՛ըսուի, թէ բանակը … Read more

Քոնկրեսական Ուիլսըն. «Պէտք Է Ամէն Ջանք Թափել Երաշխաւորելու Համար Լիբանանի Կառավարութեան Կայունութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճօ Ուիլսըն «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի զինաթափման կարելիութեան նկատմամբ լաւատես եմ, եւ պէտք է ամէն ջանք թափել` երաշխաւորելու համար Լիբանանի կառավարութեան կայունութիւնը»: Միւս կողմէ, ան նշեց. «Սուրիոյ կառավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւնը Սուրիոյ գերիշխանութեան ու կայունութեան համար օգտակար է»:    

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել, Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տաւոսի մէջ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է միջազգային գործընկերներու հետ, որոնց շարքին ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձր յանձնակատարութեան ու Միջազգային դրամատան շինարարութեան եւ կառուցման նախագահին հետ, եւ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի նախագահ Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ: Սալամ ըսաւ, որ Միջին Արեւելքին յատկացուած նիստերուն … Read more

Պասիլ. «Պետութիւններու, Կառոյցներու Եւ Զէնքի Միութեան Հարցին Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայն Ենք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Քաֆէին Փրես» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ սէուտցի պատուիրակ Եզիտ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ իր հանդիպումին պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն կը տրուի` նկատի ունենալով, որ ասիկա չորրորդ կամ հինգերորդ անգամն է, որ անոր հետ հանդիպած է: «Պըն Ֆարհան իշխանին հետ հանդիպումը նախապէս ճշդուած էր եւ կապ … Read more

Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Պուխարի Կը Վերահաստատէ Լիբանանի, Կառավարութեան Քաղաքականութեան Եւ Որոշումներուն Նկատմամբ Ռիատի Զօրակցութիւնը

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Ռաժժի հանդիպումին ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ հետ լաւագոյն յարաբերութիւններու հաստատման նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը յայտնեց: Ան Սէուտական Արաբիոյ շնորհակալութիւն յայտնեց «բոլոր փուլերուն տեւաբար Լիբանանի կողքին կանգնելուն եւ աջակցութեան համար»: Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը իր կարգին շեշտեց իր երկրին Լիբանանի, լիբանանեան կառավարութեան … Read more

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց պատուոյ հիւպատոսները` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Սինկափուրի պատուոյ հիւպատոս Ժոզեֆ Հպէյսի: «Ձեզի կը վստահինք պարտականութիւնը Լիբանանի իսկական պատկերը փոխանցելու ձեր ներկայացուցած պետութիւններուն, եւ ոչ թէ այն պատկերը, զոր ոմանք դիտաւորեալ կերպով կ՛աղաւաղեն կամ անոր իրականութիւնը կը փոխեն», ըսաւ ան: «Ինչպէս արդէն ըսած եմ, Լիբանան ճիշդ ուղիի վրայ է` հակառակ մարտահրաւէրներուն … Read more

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը ընդունելով քննարկեց քաղաքական զարգացումները, օրէնսդրական խնդիրներ, երեսփոխանական ընտրութիւններու օրէնքներուն եւ հաղորդակցութեան ցանցերու թղթածրարին առնչուած խորհրդարանական յանձնախումբերու աշխատանքները: Պու Սաապ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հիմնական խօսակցութիւնը օրէնսդրական աշխատանքի եւ յառաջիկայ շաբաթ խորհրդարանի լիագումար նիստի, յառաջիկայ նիստին ամավարկի որդեգրման շուրջ էր»: «Կառավարութիւնը շտապ օրինագիծ ուղարկած է` պահանջելով քանի մը … Read more

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Պաապտայի պալատէն յայտնեց. «Հանդիպում ունեցայ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուած նիւթերը շատ էին եւ կը վերաբերէին շրջանին, այնտեղ տեղի ունեցողին, Լիբանանի ներքին կացութեան: Մեր միջեւ համամտութիւն գոյութիւն ունէր արծարծուած բոլոր հարցերուն շուրջ, որոնց կարեւորագոյնը պետութեան ամբողջականութեան, այսինքն` Լիբանանի եւ հաստատութիւններու ամբողջականութեան, պետութեան եւ Լիբանանի մէջ … Read more

Պայրագտարեան Հնդկաստանի Դեսպանին Հետ Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը Կնքեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Մոհամետ Նուր Ռահմանի հետ կնքեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի Լիբանանի մէջ կառոյցներու վերաշինութեան աշխատանքին Հնդկաստանի մասնակցութեան: Պայրագտարեանի` Լիբանանի կառավարութեան անունով ստորագրած համաձայնութեան հիմամբ Հնդկաստան կառոյցներ պիտի վերաշինէ հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ, մասնաւորաբար Նապաթիէի Զաութար Շարքիէ գիւղին եւ արեւմտեան … Read more

«Լապորա». «Հաւասարակշռութիւնը Շարունակել Հարուածելը Աններելի Ոճիր Է»

Շարունակելով հետեւիլ պետական վարչամեքենային մէջ հաւասարակշռութեան դէմ կատարուած շարունակական ոտնձգութիւններուն, «Լապորա» հասարակական կազմակերպութիւնը, համագործակցութեամբ 13 եկեղեցիներու քարտուղարներու խորհուրդին (մարոնի, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ, աւետարանական, ասորի ուղղափառ, ասորի կաթողիկէ, ղպտի ուղղափառ, ղպտի կաթողիկէ, աշուրի, քաղդէացի եւ լատին) եւ քրիստոնէական քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն (Լիբանանեան ուժեր, Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր, Մարատա, Ազգային ազատականներ, ՀՅԴ, … Read more