Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք մեր հողերը, մեր իրաւունքը, գոյութիւնը եւ ազատագրումը պաշտպանելու փուլին մէջ ենք: Մենք պարզ խնդիր մը չենք դիմագրաւեր, այլ գոյութենական վտանգ ներկայացնող յարձակում մը, որ կ՛ուզէ մեր գոյութիւնը ջնջել»:
«Երբ թշնամին չի կրնար մարտիկները թիրախաւորել, ուշադրութիւնը կը դարձնէ քաղաքայիններուն, տուներուն եւ գիւղերուն վրայ: Կ՛ուզէ համակիր զանգուածը հարուածել եւ անոր մէջ տարակարծութիւններ յառաջացնել», նշեց ան:
«Ամբողջ հայրենիքն է, որ կը թիրախաւորուի, եւ բոլորը պէտք է դէմ դնեն իսրայէլեան յարձակումին: Բոլորս պէտք է յարձակումին դէմ ըլլանք, եւ ոչ թէ Դիմադրութեան», յայտնեց շէյխ Քասեմ:
«Աշխատանք կը տանինք պետութիւն կառուցելու, եւ մեր նախարարները ամբողջ Լիբանանի համար կը գործեն, մինչ կարգ մը նախարարներ Լիբանանը կը մղեն դէպի սադրանք եւ զայն խաւարի կը մատնեն», ըսաւ ան:
«Ան որ մեզ անձնատուութեան մղելու նպատակով ճնշում բանեցնելու համար թշնամիին կողքին կը կանգնի, ազգային դիրքէ չի վարուիր, որովհետեւ գերիշխանութիւնը միախմբող ազգային պատասխանատուութիւն է», շեշտեց շէյխ Քասեմ:
«Հըզպալլան պատրաստ է քննարկելու յարձակումին դէմ դնելու կերպը` բոլոր անոնց հետ, որոնք կը հաւատան այս ուղղուածութեան, ինչ դիրքի վրայ ալ ըլլան անոնք», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
Ան խօսքը Լիբանանի իշխանութիւններուն ուղղելով ըսաւ. «Պատուիրակներուն բացատրեցէք, թէ չէք կրնար ձեր հայրենիքի զաւակներուն վրայ ճնշում բանեցնել, որովհետեւ անոնք հայրենիքին համար բազմաթիւ նահատակներ եւ վիրաւորներ տուին»:
Ան խօսքը «թշնամիով մեզի սպառնացողներուն» ուղղելով ըսաւ. «Ան որ մեզի կը սպառնայ, թէ թշնամին կրնայ մեզ ցաւցնել, անոր կ՛ըսենք, թէ կրնանք թշնամին ցաւցնել, սակայն ամէն բան իր ժամանակին»:
«Ոմանք չեն ուզեր պետութիւն կառուցել, այլ կ՛ուզեն հպարտանալ եւ վրէժ լուծել, եւ մեզի դէմ կը դնեն վիրաւորանքներով ու հայհոյանքներով», ըսաւ ան:
«Իրան այս աշխարհի թագի զարդն է», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` աւելցնելով. «Այս հանրապետութիւնը (Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, «Ա».) ազատութեան, արդարութեան, բարոյականութեան, սրբազան կռիւի, դիմադրութեան, ազատագրման եւ երկրի վրայ հաւատացեալ մարդու կարգավիճակին մեծ լոյս տուաւ:
«Իրան կը շարունակէ եւ ունակ է յաղթել Ամերիկային ու Իսրայէլին այս դարաշրջանին տեղի ունեցող ճակատումին մէջ, որովհետեւ ով ալ որ Ամենակարող Աստուծոյ հետ ըլլայ, չի կրնար չյաղթել, եթէ Աստուած կամենայ», շեշտեց շէյխ Քասեմ: