Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլան չի նախատեսեր, թէ Իսրայէլ իր յարձակումները պիտի դադրեցնէ, այլ անոնց կշռոյթը պիտի բարձրանայ, «եւ անոնց նպատակը Լիբանանին քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական պաշտօնական յանձնախումբի մը ձեւաւորումը պարտադրելն է` Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու մէջ մտնելու համար, ինչպէս նաեւ անոր անձնատուութիւն պարտադրելը` յանձնախումբին կազմութեան չհամաձայնած կուսակցութեան կրած զինուորական պարտութեան պատրուակով: «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին քաղաքային անձնաւորութեան միացման փորձառութիւնը բաւարար է. յարձակումները չդադրեցան»:
«Իսրայէլացի թշնամին Լիբանանի մէջ ախորժակներ ունի, եւ Դիմադրութիւնը արգելք հանդիսացաւ անոնց իրագործման», նշեց երեսփոխանը:
Ան մերժեց, որ Լիբանան քաղաքական, դիւանագիտական ու տնտեսական գետնի վրայ «վճարէ իսրայէլացի թշնամիին, որ չկարողացաւ իրագործել այսպէս կոչուած «տնտեսական շրջան»-ը եւ Լիբանանի ջուրն ու քարիւղը գրաւել»: