Միւֆթի Քապալան. «Կարելի Չէ Ժողովուրդը Մահապատիժի Ենթարկել, Պէտք Է Գումարը Ապահովել Առասպելական Շահերէն»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով լիբանանեան կառավարութեան յայտնեց հետեւեալը.

«Կարելի չէ լիբանանցի ժողովուրդն ու մարդիկը տուրքը տուրքին վրայ եւ հարկը հարկին վրայ հաւասարակշռութեան եւ մարդոց նուազագոյնին նուազագոյնը տալով մահապատիժի ենթարկել, ապա երկիրը մատնել սղաճի տագնապի եւ գիներու, քաղաքական եւ ելեւմտական փտածութեան խենթութեան:

«Ելեւմտական ճարտարապետութեան պահը չի շրջանցեր մարդոց մարմիններն ու անոնց կեանքի հիմերը, յատկապէս այն պատճառով, որ դրամատէրներու դասը, արժութային եւ դրամատնային քարթելները, ինչպէս նաեւ հարուստներու վերնախաւը հմուտ են շուկաները, հարստութիւնն ու դրամը սեփականաշնորհելու եւ երկիրը թալանելու մէջ, իշխանութիւններու հսկող աչքին եւ ականջին առջեւ` թալանուած երկրի, խլուած պահ դրուած գումարներու եւ ձախողած, անփոյթ, տեսլականէ զուրկ, զգացումներէ զուրկ եւ առանց ազգային գիտակցութեան քաղաքական իշխանութեան գոյութեան պայմաններուն մէջ:

«Անհրաժեշտ է գումար ապահովել երկրի հարստութեան, հաշիւներու, շուկաներու եւ դրամի աւելի քան 80 առ հարիւրին տիրող դասերու առասպելական շահէն եւ ոչ թէ աղքատներու, աշխատողներու եւ աշխատաւորներու գրպաններէն:

«Մենք կանգնած ենք ժողովուրդի, անոր ձայնի եւ անոր անիրաւուածութեան պոռթկումին կողքին, եւ ոչ թէ փտած եւ իր ժողովուրդին տառապանքը ժխտող փտած իշխանութեան կողքին»:

Leave a Comment