Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց. «Իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանանի մէջ հինգ կէտերու մէջ մնալը զինադադարի համաձայնութեան մաս չէր կազմեր, սակայն իրողական գետնի վրայ զայն պարտադրեցինք, եւ ամերիկեան կողմը զայն ընդունեց»:
«Լիբանանէն պիտի չհեռանանք, քանի տակաւին Հըզպալլան զէնք ունի», աւելցուց Քաց: