Նախկին նախարար եւ երեսփոխան Մոհսեն Տալլուլ երէկ առաւօտեան մահացաւ: Ան 93 տարեկան էր:
Տալլուլ ծնած է 1933 թուականին: Ան լրագրող էր եւ անդամ եղած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, 1990-ական թուականներուն վարած է երկրագործութեան եւ պաշտպանութեան նախարարներու պաշտօնները:
Ան երկարատեւ անդամ (1991-էն 2004) եղած է խորհրդարանին: