Նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն նշեց, որ ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի մամլոյ ասուլիսին եւ պետութեան գանձարկղն ու կեդրոնական դրամատունը ելեւմտական կայունութեան վրայ ճնշող ելեւմտական ընտրանքներու մէջ չներքաշելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծելուն լոյսին տակ, «անոր զգուշաւոր մօտեցումը կը նկատենք պատասխանատու մեկնարկային կէտ լիբանանեան թղթոսկիի փոխարժէքի որեւէ նոր տատանումէ կամ նուրբ կացութեան մէջ ընկերային պայթումէ խուսափելու համար»:
«Լիբանանեան թղթոսկիի փոխարժէքի պաշտպանութիւնը կը մնայ ազգային առաջնահերթութիւն մը, որ արկածախնդրութիւն չի հանդուրժեր: Սակայն, այսօր իրաւացի հարցումը հետեւեալն է. «Արդեօք անվտանգութեան ու տնտեսութեան միջեւ «ընտրանք կատարելու» առջե՞ւ կանգնած ենք: Արդեօք կառավարութիւնը կրնա՞յ միջազգային օրինականութիւն ապահովելու կամ արտաքին պահանջներ բաւարարելու համար ցաւալի ելեւմտական քայլեր որդեգրել, նոյնիսկ եթէ ատիկա ներքին կայունութեան հաշուոյն ըլլայ:
«Պահանջուածը իսկական բարեկարգում է, որ հիմնուած է գանձման բարելաւման վրայ, փտածութեան արմատախլման, մսխումի դադրեցման, անցակէտերն ու մաշում պատճառող ոլորտները վերահսկողութեան տակ առնելուն վրայ, եւ ոչ թէ` սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիին բեռը ծանրացնող տուրքերու յաւելման դիմելու վրայ: Առողջ արդարութիւնը պետական պաշտօնեաներու իրաւունքներուն ապահովման, գնողական կարողութեան պահպանման եւ քաղաքացիական խաղաղութեան պահպանման միջեւ կը հաւասարակշռէ», յայտարարեց Խազեն:
Նախկին նախարարը նշեց, ուր լիբանանեան թղթոսկին պաշտպանելը եւ պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութեան վերականգնումը կը պահանջեն մսխումին դէմ պայքարին մէջ քաջարի որոշումներ, նախքան որեւէ նոր բեռի հաստատումը, որովհետեւ կայունութիւնը բանակցութեան մէջ օգտագործելու խաղաքարտ չէ, այլ գոյութեան պայման: