Ըստ «Աքսիոս»-ի. Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս» Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու

Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ վերջին 48 ժամուան ընթացքին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի տասնեակներով սպաներ հեռացած են Պէյրութէն` Իսրայէլի կողմէ թիրախաւորուելու մտավախութիւններու լոյսին տակ:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներու կարծիքով` ատիկա արդիւնք է նկատառելի մագլցումի մը. Իսրայէլ այս ամսուան սկիզբէն ի վեր յաջողեցաւ Թեհրանի մէջ ահաբեկել «Քուտս» ջոկատի Լիբանանի միաւորի հրամանատարը, իսկ Պէյրութի մէջ` անոր տեղակալը: Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ Լիբանանի մէջ Իրանի բոլոր ներկայացուցիչները զգուշացուց, որ պէտք է 24 ժամուան ընթացքին հեռանան` սպառնալով զանոնք թիրախաւորել «ուր որ ալ գտնուին»:

Ամերիկեան կայքի աղբիւրները կը նշեն, որ անոնցմէ ոմանք Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանատան մէջ կ՛աշխատէին:

Մինչ փոքր խմբակ մը Հըզպալլայի հետ հաղորդակցութեան եւ համակարգումի համար Պէյրութ մնացած է, կը նախատեսուի, որ իրանցի սպաներու Լիբանանէն հեռացումը յառաջիկայ օրերուն շարունակուի:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ Հըզպալլայի զինուորական ծրագրաւորումներուն մէջ Յեղափոխական պահակագունդի դերը անցնող երկու տարուան ընթացքին մեծապէս աճած է, եւ այդ երեւոյթը կը վերագրեն Հըզպալլայի փորձառու ղեկավարներէն շատերու ահաբեկման, ինչ որ Թեհրանին ստիպած է բացը լեցնել:

Կայքը կը նշէ, թէ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կառավարութեան հրամայած է Յեղափոխական պահակագունդի լիբանանեան հողերու վրայ որեւէ աշխատանք արգիլող քայլերու դիմել` առ ի պատրաստութիւն պահակագունդի անդամներու արտաքսման: Դէտեր այս քայլը կը նկատեն լիբանանեան պետութիւնն ու անոր բանակը իսրայէլեան թիրախաւորումներէ զերծ պահելու փորձ մը եւ աւելի քան 40 տարի տեւած իրանեան զինեալ ներկայութեան աւարտը:

«Աքսիոս»-ի համաձայն, իսրայէլեան բանակը յաւելեալ 8 ռազմավարական նոր կէտեր գրաւած է, եւ այդ դիրքերուն ճակատագիրը կը մնայ անորոշ` Իսրայէլի հեռանալու մտադրութեան կամ այդ մէկը արտօնող պայմաններու չգոյութեան լոյսին տակ:

 

Leave a Comment