Իսրայէլեան Ուժերու Լիբանան Ներխուժման Լոյսին Տակ

Իրանէն մինչեւ Լիբանան տարածուող իսրայէլեան զինուորական ոտնձգութիւնները շարունակուեցան նաեւ երէկ` հետզհետէ առաւել եւս խորացնելով այս ուղղութեամբ ծառացող մտավախութիւնները: Արդարեւ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու բանբերը յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժեր շրջանցած են հարաւային Լիբանանի Կապոյտ գիծի սահմանները: Փոխադարձաբար, Իսրայէլ յայտարարեց, թէ իր բանակի 91-րդ ջոկատը ցամաքային ներխուժմամբ յաջողած է ռազմավարական բարձրադիր դիրքերու վրայ տեղակայուիլ, ինչ որ իր հակակշիռին տակ կը պահէ իսրայէլեան հիւսիսային սահմանամերձ շրջաններ: Թշնամիի վտանգաւոր այս յառաջընթացին լոյսին տակ լիբանանեան բանակի մէկ ջոկատը հարաւային սահմանէն վերատեղակայուեցաւ ներքին տարածքի ուղղութեամբ: Այս քայլերուն զուգահեռ իսրայէլեան բանակի բանբերը երէկ երրորդ օրն ըլլալով շարունակեց իր ազդարարութիւնները հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան` թելադրելով «անյապաղ հեռանալ ու չվերադառնալ»: Ապահովական ու զինուորական կացութեան սրընթաց այս մագլցումը զօրաշարժի մատնեց լիբանանեան ղեկավար պատկան մարմինները: Հարաւային Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակն ու յատկապէս իսրայէլեան նորագոյն ազդարարութիւններն ու զինուորական քայլերը առանցքը կազմեցին բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալի նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ ունեցած խօսակցութեանց:

Նոյն ծիրին մէջ նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր մօտ հրաւիրեց արաբական հնգեակի երկիրներու դեսպանները, որոնց հետ քննեց շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի նորագոյն իրադարձութիւնները: Հանդիպումի աւարտին Եգիպտոսի դեսպան  Ալա Մուսա յայտնեց, որ նախագահ Աուն դեսպանները իրազեկ պահած է լիբանանեան կառավարութեան վերջին որոշումներէն: Իրենց կարգին դեսպանները ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած են Լիբանանի առած վերջին որոշումներուն` Հըզպալլայի գործունէութեան գծով:

Այս առիթով ժողովականները վերահաստատեցին իրենց երկիրներու ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ անդորրութեան ամրապնդման գծով:

Նոյն ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ` շեշտելով արտաքին միջամտութեան եւ ճնշումի անհրաժեշտութիւնը` իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն կասեցման համար: Նմանապէս, Ֆրանսայի նախագահը իր զօրակցութիւնը յայտնած է լիբանանեան իշխանութեան առած քայլերուն` երկրի կայունութեան ամրապնդման գծով, խոստանալով ճիգ չխնայել այս ուղղութեամբ որեւէ քայլի` միջազգային հարթակներու մօտ ի սպաս Լիբանանի միջամտութեան եւ զօրակցութեան գծով:

Նմանապէս, նախագահ Աուն նմանօրինակ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի մէջ  պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիայի հետ եւ անոր ներկայացուց Լիբանանի ու յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները` պահանջելով պապական միջամտութիւն` սանձելու համար իսրայէլեան յարձակողական ախորժակները:

Աւելի ուշ, երէկ յետմիջօրէին նախագահ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժենին Հենիս Փլասխարթը եւ անոր պարզեց հարաւային Լիբանանի ու Պեքայի նորագոյն իրադարձութիւնները` պահանջելով ՄԱԿ-ի միջամտութիւնը` լիբանանեան տարածքին մէջ: Իսրայէլի ներխուժման կասեցման համար:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ձեռնարկեց արտաքին շրջանային թէ միջազգային զանազան մարմիններու հետ հաղորդակցութեան` պահանջելով անոնց ներկայացուցած երկիրներու միջամտութիւնը իսրայէլեան յարձակման դադրեցման գծով:

Նաեւ` Ներքին Ճակատի Վրայ

Զուգահեռաբար ճիգերը շարունակուեցան նաեւ ներքին ճակատի վրայ ու այս ծիրին մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ խորհրդակցեցաւ երկրի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ: Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի ներկայութեան կայացած խօսակցութեանց աւարտին Ժոմպլաթ ըսաւ. «Տագնապը մեծ է, Լիբանանի ժողովուրդն ալ մեղք է, ու միասնաբար համերաշխութեամբ պիտի շրջանցենք այս տագնապը»:

Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար երէկ այցելեց նախագահ Աունի ու անոր ներկայացուց տիրող կացութեան գծով իր տարած քայլերու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ` իր նախարարութեան առնչուող հարցեր:

Իր կարգին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ժողով մը գումարեց Աղէտներու կառավարման կեդրոնին մէջ ու մօտէն հետեւեցաւ ցարդ առնուած քայլերուն` տեղահանուածներու կարիքներու հոգացման ճիգերուն գծով:

Նոյն ծիրին մէջ, նախագահելով Լեռնալիբանանի Աղէտներու կառավարման գրասենեակին մէջ կայացած ժողովին, «ոչ ոք անօթեւան պիտի մնայ», շեշտեց ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար` հաւաստելով, որ ճիգերը կը շարունակուին բոլոր տեղահանուածներու կարիքները ապահովելու գծով:

Leave a Comment