Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ, ուր ան դէմ արտայայտուեցաւ Իրանի կողմէ Ծոցի երկիրներուն վրայ կատարուած յարձակումներուն մասին:
Պասիլ նաեւ դէմ արտայայտուեցաւ Իրանի զօրակցութեան Հըզպալլայի կեցուածքին` դիտել տալով, որ նման քայլ մը միայն զոհ ու աւեր կը պատճառէ Լիբանանին: